Կարդինալ Չերնի. «Միջազգային համագործակցութիւնը էական կը նկատուի ձկնորսութեան ոլորտին աջակցութեան ծիրէն ներս»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած ձկնորսութեան միջազգային օրուան առիթով, պատգամ մը յղեց Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ ծառայութեան զարգացման համար, վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միքայէլ Չերնին։
Պատգամին մէջ ծիրանաւորը յիշեց հսկայական եւ շատ անգամ թերագնահատուած ծովու կողմէ միլիոնաւոր մարդոց տրուած սննդի աղբիւրը ու անոր կապուած բոլոր դժուարութիւնները, հրաւիրելով պետութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները, ձկնորսութեան ոլորտին մաս կազմող կազմակերպութիւնները, կրօնական, բարեսիրական հաստատութիւնները ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հաստատութիւններն ու Քարիթասը «Միացնելու բոլոր ուժերը արդիւնաւէտօրէն կիրարկելու համար օրէնքները եւ համագործակցելու՝ նորանոր լուծումներ գտնելու ձկնորսութեան առջեւ ծանրացած դժուարութիւններուն, հասարակաց տան պաշտպանութեան ծիրէն ներս։
Ձկնորսութեան ոլորտը եկամուտի հիմնական աղբիւր։
ՖԱՕ-ի 2020 թուականի տուեալներուն համաձայն, շուրջ 58 միլիոն անձեր լրիւ կամ կէս դրոյքով ներգրաւուած են ձկնորսութեան աշխատանքին մէջ եւ այդ ոլորտը եկամուտին հիմնական աղբիւր է գրեթէ աշխարհի մեծ բնակչութեան յատկապէս զարգացող երկիրներուն համար, նշած է կարդինալ Չերնին ։
Քովիտ 19 համաճարակը
Անդրադառնալով 2020 թուականէն սկսեալ ձկնորսութեան ոլորտին վնաս պատճառող Քովիտ 19 համաճարակին խնդիրներուն, որոնք շարքին, ամբողջ աշխարհին մէջ նաւահանգիստներուն, ձուկի շուկաներուն փակումը որ պատճառ դարձաւ ձկնորսութեան աշխատանքին եւ ձկնամթերքի վաճառքի նուազումին, կարդինալ Չերնի նշեց որ այդ բազմաթիւ անձերը մինակ մնացին առանց օգնութեան դիմագրաւելու համար համաճարակի դժուարութիւնները։
Բոլորս կրնանք համագործակցիլ արարչագործութիւնը խնամելու համար։
Վերոյիշեալ դժուարութիւններուն լոյսին ներքոյ կարդինալ Չերնի պատգամին մէջ հրամայական նկատեց «Միացնելու մեր բոլոր ուժերը՝ ստեղծելու համար ընկերային նոր խիղճ մը, ինչպէս նաեւ զօրակցութեան նոր ձեւ մը, որպէսզի ոչ մէկը ետին մնայ։ Մէջբերելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը «բոլորս կրնանք համագործակցիլ իբրեւ Աստուծոյ միջոցները՝ արարչագործութեան խնամքին համար», կարդինալ Չերնի պատգամը աւարտեց խնդրելով զօրակցիլ, խթանել եւ պաշտպանել բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած եւ ձկնորսութեան ոլորտէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ