Որոնել

Պահրէյնի մէջ միջ կրօնական հանդիպում Պահրէյնի մէջ միջ կրօնական հանդիպում 

Կարդինալ Այուզօ. «Պահրէյնի մէջ ճամբորդութիւնը, պատերազմով բնորոշուած աշխարհի մէջ հանդիպումի պահ մը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին Պահյրէնի մէջ առաքելական ճամբորդութիւնը չորս բանալի բառերով՝ երկխօսութիւն, փոխադարձ յարգանք, եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Երկխօսութիւն, յարգանք, եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն», միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Անճելօ Այուզօ սոյն չորս բառերով եզրակացուց Նորին Սրբութեան Պահրէնի մէջ կատարած 39-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Կարդինալ Այուզօ գնահատելով Ֆրանչիսկոս Պապին 39-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը՝Պահրէյնի մէջ յայտնեց, որ ինչպէս միշտ Նորին Սրբութեան իւրաքանչիւր ճամբորդութեան եզրակացութիւնները միշտ եղած են դրական ու այս պարագային նաեւ Պահրէյնի մէջ առաքելական այցելութիւնը աւելի դրական հանդիսացաւ, որովհետեւ այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ պատերազմներով, բացառումներով եւ մերժումներով բնորոշուած աշխարհին մէջ։

Կարդինալ Այուզօ բարձր գնահատեց ու դրական նկատեց նաեւ Պահրէյնի մէջ կայացած համամիութենական եւ միջ կրօնական հանդիպումները նշելով, որ ֆրանչիսկոս Պապի ճամբորդութիւնը՝ երկխօսութեան բաց, պարզ եղբայրութեան ճամբորդութիւն մըն եղաւ։

Մահմետականներու հետ երկխօսութեան հեռանկարները։

Կարդինալ Այուզօ յայտնեց, որ Պահրէյնի մէջ հանդիպումները, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան գործընթացին շարունակականութեան տարրեր եղան ու իրեն համար շատ հետաքրքրական հանդիսացաւ Muslim Council of Eldersի անդամներուն հետ հանդիպումը որովհետեւ անոր մէջ ի յայտ եկաւ շարունակելու եւ խթանելու երկխօսութեան փափաքը, ինչպէս նաեւ համագործակցելու հասարակաց ծրագիրներուն մէջ ի շահ միջազգային հասարակութեան եւ ստեղծելու տարբերութեան մէջ միութեան հարթակ մը։


Համամիութենական ոլորտէն ներս Բարթողոմէոս պատրիարքին ներկայութիւնը

Անդրադառնալով համամիութենական ոլորտէն ներս Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս տիեզերական Պատրիարքին ներկայութեան, կարդինալ Այուզօ յայտնեց, որ Պատրիարքին ներկայութիւնը հանդիսացաւ միասնաբար եղբայրական եւ բարեկամական աշխարհ մը կառուցելու փափաքի վկայութիւնը։ Ան ապա ընդգծեց մահմետականներու՝ Շիիներու , Սիւնիններու եւ մահմետական աշխարհէն տարբեր համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու միջեւ։

Կարդինալ Այուցօ նշեց, որ ինք կը հաւատայ որ Բարթողոմէոս Պատրիարքը դրօշակ մըն է, որ ցոյց կու տայ դէպի ուր քալելու ուղղութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապին միութիւնը Պատրիարքին հետ շատ կ՝օգնէ խթանելու համար համամիութենական երկխօսութիւնը։ Ըսաւ Միջ կրօնական վերատեսութեան վերատեսուչը։

ի վերջոյ կարդինալ Այուզօ յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին Պահյրէնի մէջ առաքելական ճամբորդութիւնը կարելի է եզրակացնել չորս բանալի բառերով՝ երկխօսութիւն, փոխադարձ յարգանք, եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն։

«Եթէ կ՝ուզենք իսկապէս ընթանալ խաղաղութեան ուղիներու վրայ, պէտք ենք շարունակել խթանել երկխօսութիւնը, զարգացնել փոխադարձ յարգանքը, եւ պէտք ենք խթանել եղբայրութիւնը, որ լայնօրէն արտայայտուած է մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մէջ՝ ստորագրուած Ապու Տապիի մէջ, որ Նորին Սրբութեան ներշնչումի աղբիւր եղաւ պատրաստելու Fratelli tutti.յաջորդ փաստաթուղթը»։ Ըսաւ Կարդինալ Այուզօ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2022, 10:31