Որոնել

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը 

Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանիոյ մէջ զինադադարը հրատապ ու անհրաժեշտ կը համարէ

«Նոյնիսկ եթէ որոշ պատերազմներու մասին աւելի քիչ կը խօսուի, չկան պատերազմներ, որոնք աւելի նուազ ցաւալի են քան ուրիշները» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, «չկայ կեանք մը, որ աւելի քիչ արժէքաւոր է քան այլ կեանք մը» հաստատեց Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Իտալական Famiglia Cristiana պարբերաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատելու ու խաղաղութիւն կերտելու Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը, անհրաժեշտ ու հրատապ համարեց հասնիլ զինադադարին։

«Միայն խաղաղութեան նախագիծերը կարող են երաշխաւորել մարդկութեան ապագան։ Եթէ բռնութիւնը, անտարբերութիւնը, տնտեսական եւ գաղափարական գաղութացումը, ամենազօրեղին օրէնքը, այսինքն՝ պատերազմի ծրագիրները գերիշխեն, բոլորս վիճակուած կ՝ըլլանք ապագայ չ՝ունենալու» նշեց Կարդինալ Փարոլինը, մատնանշելով, թէ խաղաղութիւնը կը կերտուի իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ ու չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան, չկայ նաեւ արդարութիւն առանց ներողամտութեան, ինչպէս յիշեցուցած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը նոր հազարամեայի սկիզբը։

Երկխօսութեան պայմաններ

Վատիկանի Պետական քարտուղարը, նկատել տուաւ ի միջի այլոց որ, զէնքերու, ռումբերու, քանդումներու դադրեցումը, առաջին անհրաժեշտ քայլն է, սակայն անոնց պէտք են նպաստել անվտանգութեան, վստահութեան եւ բարի կամքի ժեսթեր, որոնք կը ստեղծեն երկխօսութեան պայմանները ու կը բանան ուղիները բանակցութեան, մաղթելով ու յոյս յայտնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերն ու աղօթքն լսելի դառնան։

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանչիսկոս Պապին Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքի հետ հանդիպումին կարդինալ Փարոլին նշած է, որ հակառակ դժուարութիւններուն, դռները բաց կը մնան եւ երկխօսութիւնը չընդհատուիր, նոյնիսկ եթէ դիւրիմացութիւններուն կը հանդիպին։

Չկայ կեանք մը, որ աւելի նուազ արժէքաւոր է քան այլ կեանք մը

«Սուրբ Աթոռի կողմէ իղձը երբեք չ՝անհետացաւ, նոյնիսկ եթէ հանգամանքները խանգարեցին, որ այդ մէկը իրականութիւն դառնայ։ Մենք կ՝ընկալենք որ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կողմէ այդ փափաքը կը զգացուի» ըսաւ հուսկ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը ակնարկելով նաեւ երկրագունդին մէջ այլ վայրերու մէջ բռնկած պատերազմներուն` ինչպէս Սուրիոյ, Եմէնի ու այլ երկիրներուն մէջ հակամարտութիւնները.... «նոյնիսկ եթէ որոշ պատերազմներու մասին աւելի քիչ կը խօսուի, չկան պատերազմներ, որոնք աւելի նուազ ցաւալի են քան ուրիշները» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, «չկայ կեանք մը, որ աւելի քիչ արժէքաւոր է քան այլ կեանք մը» հաստատեց Ան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2022, 14:06