Գերապ. Կալլակէրը Ալճերիա մեկնած է Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն յիսնամեակին առիթով.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր 25 եւ 26 հոկտեմբերին կ՛այցելէ Ալճերիան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւններուն հետ ու պիտի այցելէ երկրին յատկանշական վայրեր։
Այցելութեան առիթը Ալճերիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յիսուն ամեակն է։
Ըստ Պետական Քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան Գերապայծառ Կալլակէրի ճամբորդութեան յայտագիրի առաջին հանդիպումը նախատեսուած է այսօր` Անոր Ալճերիի Մարտիրոսներու Կոթողին տուած այցելութեամբ։ Ան ապա հանդիպում կ՛ունենայ ներքին գործերու նախարար Պրահիմ Մըրտին հետ, հուսկ Կրօնական հարցերու նախարար Եուսէֆ Պելմեհտիի հետ, որմէ ետք կը հանդիպի Ալճերիի Մեծ Մզկիթի Ռէկտոր` Մոհամմատ Մամմունէ Էլ Քաչիմի Էլ Հասսինի, ապա առաջին օրուայ յայտագիրը կը փակէ Ալճերիոյ Նախագահ Ապտելմաժիտ Թէպպունէի հետ հանդիպումով։
Երկրորդ օրը` 26 հոկտեմբերին Գերապայծառ Կալլակէրը կ՛այցելէ Թիպերինէ Վանքը, 1994 – 1996 տարիներուն Թրափիսդ Վանականներու մարտիրոսութեան վայրը, որոնք ապա Երանելի հռչակուեցան 2018 թուականին։ Այս այցելութենէն ետք Գերապայծառ Կալլակէրը կը հանդիպի Երկրին մէջ գործող դիւանագիտական մարմնի ադամներուն եւ Քաղաքացիական Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ապա նախ քան Հռոմ վերադառնալը` տեղական եկեղեցւոյ անդամներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ