Որոնել

Պանկլատեշի տարբեր կրօններու հաւատացեալներ Պանկլատեշի տարբեր կրօններու հաւատացեալներ 

Կարդինալ Փարոլին. «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մշակոյթը փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան միջոց»։

360 միլիոն քրիստոնեաներ 76 երկիրներու մէջ ենթարկուած են խտրականութեան, բռնութիւններու, հալածանքներու իրենց դաւանած հաւատքին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ելոյթ ունեցաւ, ազգային կամ, ցեղային, կրօնական,,լեզուական փոքրամասնութիւններու պատկան անձերուն իրաւունքներուն մասին հռչակագիրին ընդունման 30 ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիպումի ընթացքին։

Մերժել փոքրամասնութիւն բառին խտրական օգտագործումը

Ելոյթին մէջ կարդինալ Փարոլին հրաւիրեց «մերժել փոքրամասնութիւն բառին խտրական օգտագործումը՝ երբ կը վերաբերի ժողովուրդի մը փոքր հատուածի, քանի որ անիկա կը յառաջացնէ մեկուսացման եւ ստորադասութեան զգացումները։

Քրիստոնեաները աշխարհի մէջ ամենէն շատ հալածուածներն են

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ սեփական ինքնութեան հաստատումը եւ ուրիշներու հետ խաղաղ ապրիլը այն ձգտումներն են որոնք կը կիսեն բոլոր ցեղային կրօնական եւ լեզուական փոքրամասնութիւնները ողջ աշխարհին մէջ, հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը չկրնար չյարգել, գոյութեան պաշտպանութեան, ոչ բացառումի, ոչ խտրականութեան եւ ոչ ձուլումի սկզբունքները։

360 միլիոն քրիստոնեաներ 76 երկիրներու մէջ ենթարկուած են խտրականութեան, բռնութիւններու, հալածանքներու իրենց դաւանած հաւատքին համար

Վատիկանի պետական քարտուղարը ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռը մեծ մտահոգութեամբ կը նշէ, որ քրիստոնեաները ամէն շատ հալածուած խումբերն են աշխարհին մէջ ոչ միայն այն երկիրներու մէջ ու փոքրամասնութիւններ են. կը գնահատուի, որ 360 միլիոն քրիստոնեաներ 76 երկիրներու մէջ ենթարկուած են խտրականութեան, բռնութիւններու, հալածանքներու իրենց դաւանած հաւատքին համար, սա մտքի, խղճի եւ կրօնքի ազատութեան հիմնարար իրաւունքի ակնայայտ խախտում է։ Խտրականութիւն մը, որ դժբախտաբար կ՝ենթարկուին նաեւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ

Ինքնութիւնը կ՝ամրապնդուի երկխօսութեան մէջ անոնց հետ, որոնք մեզի նման չեն

Պաշտպանելու եւ խթանելու համար , ցեղային, ազգային, կրօնային եւ լեզուական փոքրամաս խումբերու պատկան անձերու մարդկային իրաւունքները, հիմնական կը նկատուի «երկխօսութեան մշակոյթին» որդեգրումը, հասկցուած որպէս առաջընթացի ուղի, որդեգրելով որպէս ուղեւորութեան կանոն փոխադարձ գործակցութեան վարքագիծը, եւ որպէս ձեւ փոխհասկացողութիւնը։ ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2022, 12:36