Որոնել

ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստը ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստը 

Նիու Եորքի մէջ հանդիպում Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հանդիպում ունեցած ու զրուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար, Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիու Եորքի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստի շրջանակէն ներս, Վատիկանի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հանդիպում ունեցած ու զրուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Միջուկային փորձարկումներուն արգելքը

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր նիստին ընթացքին արտասանած ելոյթին մէջ կարդինալ Փարոլին վերահաստատեց, թէ աշխարհային լարուածութեան աճին եւ հիւլէական զէնքին կիրառման սպառնացող հռետորաբանութեամբ, առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է որ ուժի մէջ մտնէ միջուկային փորձարկումներու ամբողջական արգելքի մասին պայմանագիրը։

Խաղաղութիւնը կը սկսի երբ զէնքերը կը լռեն

Յայտնենք, թէ Կարդինալ Փարոլինի վերոնշեալ յայտարարութիւնը կ՝արձագանգէ Ֆրանչիսկոս Պապին անթիւ կոչերուն, զինաթափելու բոլոր տեսակի զօրանոցները եւ դադրեցնելու զէնքի առեւտուրը։

Երեկ՝ չորեքշաբթի, առաւօտեան, Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, վերահաստատելով մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը «ազնիւ եւ նահատակ» Ուքրանացի ժողովուրդին նկատմամբ, ֆրանչիսկոիս Պապ նշեց է թէ ինչպէս այս «խելագար պատերազմին» մէջ կարգ մը անձեր « կը մտածեն հիւլէական զէնքերուն մասին» եւ հրապարակային ունկնդրութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն հետ կիսեց Կարդինալ Քրայեվսքիին ապրած փորձառութիւնը, անոր պատերազմի դատրոնի վերջին առաքելութենէն վերադառնալէն ետք։

Կարդինալ Քրայեվսքին «Ինծի պատմեց այս ժողովուրդին տառապանքին, վայրենի գործերուն, խոշտանգուած դիակներու մասին», ըսաւ Սրբազան հայրը, որ անցեալ կիրակի օր Մրեմեան Աղօթքի աւարտին շեշտած էր` թէ պէտք չէ մոռնալ որ «խաղաղութիւնը կարելի է երբ կը լռեն զէնքերը եւ կը վերսկսի երկխօսութիւնը»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2022, 09:54