Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարաւայի Սուտանի նախագահին հետ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարաւայի Սուտանի նախագահին հետ 

Կարդինալ Փարոլինի հանդիպումը հարաւային Սուտանի նախագահին հետ. «Միակ մղուելիք պայքարը խաղաղութիւնն է»։

Վատիկանի պետական քարտուղարը Ժուպայի մէջ հանդիպեցաւ Հարաւային Սուտանի նախագահին եւ փոխ նախագահին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, հարաւային Սուտան առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, երեքշաբթի, 5 հուլիսին, նախ հանդիպեցաւ Հարաւային Սուտանի հանրապետութեան նախագահին ապա փոխ նախագահին հետ։

Ժուպայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած շուրջ կէս ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին կարդինալ Փարոլին, ընդգծեց թէ խաղաղութիւնն ու զարգացում կերտելու համար միակ պայքարը խաղաղութիւնը է եւ դա բոլորս միասին մղող ճակատամարտ մըն է, որովհետեւ խաղաղութիւն ու զարգացումը իրար կապուած երկու իրողութիւններ են եւ առանց խաղաղութեան չկայ զարգացումը։
Կարդինալ Փարոլին ապա դիտել տուաւ որ խաղաղութեան բացակայութիւնը անկայունութեան եւ դժգոհութեան աղբիւր է ապա յիշեց 2019ին, Սանթա Մարթայի մէջ կայացած Հարաւային Սուտանի կառավարիչներու հոգեւոր կրթութիւնը, որուն ընթացքի քահանայապետը հարաւային Սուտանի նախագահին ոտքը համբուրեց,

հարաւային Սուտանի նախագահը իր կարգին յիշեց Վատիկանի մէջ կայացած երկօրեայ հոգեւոր կրթութիւնը նշելով «Հռոմէն վերադարձանք եւ այլեւս չկրուեցանք, պատերազմներուն ոչ ըսինք եւ ոչ մէկուն թոյլ տուինք որ սկսի ւ, չենք ուզեր պատերազմիլ, այժմխաղաղութիւն կ՝ուզենք երկրին մէջ։

Կարդինալ Փարոլին հանդիպումի աւարտին ապահովուեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակը լաւանալէ ետք անձամբ պիտի այցելէ Հարաւային Սուտան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 10:28