Փարոլինը Հարաւային Սուտանի մէջ կը մաղթէ որպէսզի յանուն խաղաղութեան փակուին «Երկրի ցաւոտ էջերը»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ այսօր՝ Յուլիս 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով կը սկսէ Ափրիկէ իր ուղևորութեան երկրորդ մասը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն ըսած է թէ կը հեռանայ «քաջալերուած» Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն այցելութենէն: Յաջորդ հանգրուանը Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպան է: Կարդինալը յոյս ունի օգնելու կայուն խաղաղութիւն հաստատելուն, որպէսզի «հնարաւոր ըլլայ գտնելու հաշտուելու և համաձայնութիւններու կարողութիւն՝ այս ցաւալի էջը փակելու համար»՝ գուցէ մինչև 2023 թուականի համընդհանուր ընտրութիւնները։
Քոնկոյի մէջ «շատ գեղեցիկ, զօրեղ և դրական պահ»
Պետքարտուղարը Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինշասայէն հեռացաւ Յուլիս 4-ի վաղ առաւօտեան թեմական մեծ ճեմարանի համայնքի հետ պատարագ մատուցելէն ետք:
Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ կատարուածը «շատ գեղեցիկ, զօրեղ և դրական պահ էր», շեշտած է Պետքարտուղարը ըսելով, որ տպաւորութիւնները կը հաստատեն, որ այցը ծառայած է իր նպատակին՝ հասցնելու Սրբազան Քահանայապետի ներկայութիւնն ու ջերմութիւնը բնակչութեանը և Եկեղեցուն: Ան ապա յոյս յայտնած է, որ այս ամէնը կրնայ կրկնուիլ Հարաւային Սուտանի մէջ:
Հարաւային Սուտանի առաջնորդներու հոգեւոր կրթութիւնը Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ
Պետքարտուղարն յիշած է նաև 2019ի Ապրիլին Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ հոգևոր կրթութիւնը և աղօթքները, որուն մասնակցած էին Հարաւային Սուտանի նախագահ Սալվա Քիիր Մայարտիլ, ինչպէս նաեւ նախագահական անձնակազմի 5 անդամներ: Աղօթքներու աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը աննախադէպ վարմունքով ծունկի իջած էր, համբուրած Նախագահի ոտքերը և Երկրի համար խաղաղութիւն խնդրած։ Պետքարտուղարը շեշտած է, որ Պապի հետ համահունչ, հոն կը գտնուի՝ նորոգելու այդ հրաւէրը, այդ յորդորը, կրկնելու խաղաղութեան համար այդ աղօթքը:
Ճուպայի ծրագիրը
Կարդինալ Փարոլինի Ճուպայի օրակարգին առաջին հանդիպումը յետմիջօրէին Հանրապետութեան նախագահ Սալվա Քիիրին հետ է, կը յաջորդէ առաջին փոխնախագահ Ռիեք Մաչարին հետ հանդիպումը: Երեկոյեան, նախատեսուած է հանդիպում Երկրի եպիսկոպոսներու հետ։
Յուլիս 6ին Կարդինալ Փարոլինը պիտի այցելէ Ճուպայի գաղթականներու կեդրոն՝ տեսակցելու ծանր պայմաններու մէջ ապրող տեղահանուածներուն, ուր պիտի մատուցի Սուրբ Պատարագ, որից յետոյ պիտի հանդիպի ՄԱԿի ներկայացուցիչներու և նահանգապետի հետ:
Մինչդեռ, Յուլիս 7ին Պետքարտուղարը պիտի պատարագէ Ճոն Կարանկ յուշահամալիրի այգիէն ներս, որ նուիրուած է Սուտանի ժողովրդական ազատագրական շարժումի (բանակի) առաջնորդ և խաղաղութեան համաձայնագիրերէն ետք Սուտանի առաջին փոխնախագահին: Հոն էր նախատեսուած Սրբազան Քահանայապետի կողմէ Սուրբ Պատարագի մատուցումը։
Պետքարտուղարը, բացի այդ, Ճուպայի մէջ պիտի օրհնէ նոր Առաքելական նուիրակութեան առաջին քարը և պիտի հանդիպի հոգևորականներու և կրօնականներու հետ։ Ի վերջոյ, ճամբորդութեան աւարտին պիտի այցելէ Կաթողիկէ համալսարան և Ուսրաթունայի մանկական կեդրոն, որտեղ տարբեր կրօններու պատկանող մարդիկ կը համագործակցին հաշմանդամ մանուկներու ընդելուզման և անոնց ընտանիքներու կրթութեան համար: Յուլիս 8ին Կարդինալը պիտի մեկնէ Հռոմ, ուր կը հասնի յաջորդ օրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ