Որոնել

2019.01.21 Vaticano, Palazzo Sant Uffizio, Congregazione per la Dottrina della Fede (2).JPG

Անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւններ. Հաւատքի վարդապետութեան վերատեսչութեան նոր ուղեցոյցը

«Անչափահասներու նկատմամբ կղերականներու կողմէ իրականացուած սեռական բռնութեան դէպքերու վարուելակերպի որոշ կէտերու վերաբերեալ ընթացակարգային ուղեցոյց»ը թարմացուած և վերահրատարակուած է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Առաջին հրատարակութենէն երկու տարի անց լոյս տեսած է «Անչափահասներու նկատմամբ կղերականներու կողմէ իրականացուած սեռական բռնութեան դէպքերու վարուելակերպի որոշ կէտերու վերաբերեալ ընթացակարգային ուղեցոյց»ի 2.0 նոր տարբերակը։ Հաւատքի վարդապետութեան վերատեսչութեան կողմէ մշակուած այս գործիքը կը ծառայէ՝ օգնելու իրաւագէտներուն ու կղերական դասին, ինչպէս նաև անոնց համագործակիցներուն, որպէսզի լաւագոյն ձեւով վերաբերուին անչափահասներու նկատմամբ բռնութիւններով մեղադրուող հոգևորականին առնչուող նուրբ իրավիճակներու պարագային:

Ուղեցոյցը իրաւական տեսանկիւնէ արժէք չի ներկայացներ, սակայն անհրաժեշտ է արձագանքելու նկարագրուած իրավիճակները կառավարելու նպատակով համապատասխան գիտելիքներ ստանալու աճող պահանջին:

Առաջին հրատարակութիւնը (Յուլիս 16, 2020) արդեն նպաստած էր նշուած հարցի վերաբերեալ ընթացակարգերը համակարգելուն և գործիչներու վերապատրաստութեան համար:

Թարմացումի անհրաժեշտութիւնն առաջացած էր հիմնականին մէջ Կանոնական իրաւունքի Դ Գիրքի և «Հաւատքի վարդապետութեանը վերապահուած Յանցագործութիւններու վերաբերեալ նորմերու» (Դեկտեմբերի 8, 2021), «Fidem servare» (Փետրուար 14, 2022) և «Competentias quasdam decernere» (Փետրուար 15, 2022) ինքնագիր նամակներու, և վերջապէս «Praedicate evangelium» առաքելական նոր սահմանադրութեան (Յունիս 5, 2022) ուժի մէջ մտնելէ ետք:

Ուղեցոյցի երկրորդ հրատարակութիւնը առաւել պարզեցուած և բարելաւուած է՝ ակադեմիական կենտրոններու և ոլորտային ուսումնասիրութիւններու և եկեղեցական իրողութիւններու մշտական համեմատութիւններու ծիրէն ներս ձեռք բերուած փորձի շնորհիւ և բաց է հետագայ դիտարկումներուն և առաջարկներուն :

Բացի այդ, անոր մէջ պահպանուած է առաջին տարբերակի նոյն համարակալումը՝ դիւրացնելու համար տարբեր թեմաներու հասանելիութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2022, 11:10