Որոնել

Գերապայծառ Լազար Եու Հէունկ Սիք Գերապայծառ Լազար Եու Հէունկ Սիք 

Մօտիկ ապագային կարդինալ նշանակուելիք գերապայծառ Լազարօ. «Աշխարհի մէջ բազմաթիւ քահանաներ հերոսներ են»։

Մօտիկ ապագային կարդինալ Նշանակուելիք Լազարօ Եու յայտնեց թէ աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ հերոս քահանաներ ու գոյութիւն ունին պատմելիք շատ մը դրուագներ՝ ոչ միայն տխուր եւ ցաւալի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ եւ մօտիկ ապագային կարդինալ նշանակուելիք գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսելով կղերապաշտութեան մասին յայտնեց թէ անիկա կարելի է յաղթահարել երբ քահանան ինքզինք ոչ միայն հայր կը զգայ այլ իբրեւ զաւակ կը սիրէ այլ հասարակութիւններուն եղբայրները ու քոյրերը։

Մօտիկ ապագային կարդինալ Նշանակուելիք Լազարօ Եու յայտնեց թէ աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ հերոս քահանաներ ու գոյութիւն ունին պատմելիք շատ մը դրուագներ՝ ոչ միայն տխուր եւ ցաւալի։

Անդրադառնալով կարդինալական դասին իր նշանակումին Գերապայծառ Լազարօ նկատել տուաւ, որ ինք երբեբ չէ մտածած քահանայապետին խորհուրդ տալ, այլ միշտ գեղեցիկ նկատած է Պապին հետ հաղորդութիւնը, անսալով անոր խորհուրդներուն՝ լաւ ըմբռնելու համար ծառայութեան իմաստը, ինչպէս նաեաւ քահանաները կազմաւորելու կարեւորութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2022, 13:13