Որոնել

Osservatore-Romano-Mockup.png

Ծնունդ առաւ «L'Osservatore di strada» ամսագիրը, որ ձայն կու տայ մերժուածներուն

Ամսաթերթը պիտի հրապարակուի Հաղորդակցութեան Վրատեսչութեան ընտանիքին կողմէ` «աղքատներու» հետ միասին, անոնց վերադրանփլու համար խօսքի իրաւունքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Քահանայապետին նախագահած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, մի քանի տնազուրկներ հաւատացեալներուն պիտի բաժնեն «L’Osservatore di Strada – ճանապարհային դիտորդը» վերտառութեամբ նոր ամսաթերթը, որ արտադրութիւնն է Հաղորդակցութեան Վրատեսչութեան ընտանիքին եւ պիտի հրապարակուի «աղքատներու» հետ միասին, անոնց վերադարձնելու համար խօսքի իրաւունքը, ընդգծելով նաեւ անոնց փորձարարութիւններու, գիտութիւններու եւ արժէքներու ժառանգութիւնը,

Տպագիր եւ առցանց թերթ մը

Ամասաթերթը պիտի հրապարակուի ամէն ամսուայ առաջին կիրակին ըլլայ տպագիր, ըլլայ առցանց։ Տպագիր թերթին բաժանումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օրերը Սուրբ Պետրոս հրապարակին մօտ։

«L’Osservatore di Strada» նոր ամսաթերթը կազմուած պիտի ըլլայ 12 էջերէ։ Ան պիտի ըլլայ «ընկերային բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» թերթ մը ի ծառայութիւն հաղորդութեան եւ համագործակցութեան բոլոր անոնց միջեւ, որոնք իրենք զիրենք կը դնեն գթասիրութեան ծառայութեան տակ։

Բարերարներու եւ մասնագէտներու աջակցութիւնը

«L’Osservatore di Strada» ամսաթերթը ամբողջութեամբ կը վստահի բարերարներու եւ բարի կամքի մարդոց առատաձեռնութեան ինչպէս նաեւ բարեկամ մասնագէտներու, որոնք իրենց ժամանակը եւ իրենց հմտութիւնները ձրիաբար կը դնեն ի ծառայութիւն թերթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2022, 10:00