Որոնել

Mostra-Musei-Vaticani-Raffaello-Fra-Bartolomeo-San-Pietro-e-San-Paolo.jpg

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնի պատարագին

Չորեքշաբթի 29 յունիսին, պատուիրակութեան անդամները կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան, ապա հանդիպում կ՜ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի Վերատեսութեան անդամներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կաթողիկէ տիեզերական պաշտպան Սուրբեր` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու ու Կ. Պոլսոյ Յոյն ուղղափառ տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ Ս. Անդրէաս առաքեալի տօներուն առթիւ, երկու եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու փոխադարձ անցելութիւններու ծիրէն ներս, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան մէկ պատուիրակութիւնը Հռոմ կը ժամանէ 28էն մինչեւ 30 Յունիս 2022»։ Լուրը կը հաղորդէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութիւնը աւելցնելով որ «Պատուիրակութիւնը կը նախագահէ Արքեպիսկոպոս Թելմիսսոս Ժոպը, Եկեղեցիներու Համամիութենական Խորհուրդին մօտ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչը եւ Կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի համանախագահը։ Անոր պիտի ընկերանան Քլիքանասսոս Ատրիանոս Եպիսկոպոսը եւ Պատրիարքական սարկաւագ` Պարնապաս Կրիկորատիսը։

Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնը

Չորեքշաբթի 29 յունիսին, պատուիրակութեան անդամները կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան, ապա հանդիպում կ՜ունենան Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի Վերատեսչութեան անդամներուն հետ։

Հինգշաբթի 30 Յունիսին Պատուիրակութեան անդամները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Այցելութիւններու փոխանակումը սկիզբ առաւ 1969ին

Յայտնենք թէ Վատիկանի եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան միջեւ պաշտօնական այցելութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է 1969 թուականին` այդ ժամանակուայ Քրիստոնեաներու Միութեան խորհուրդի քարտուղար` Կարտինալ Եոհաննէս Ուիլլպրանտսի` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ, Պոլիս կատարած այցելութեամբ։

Այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, մինչ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Սուրբ Անդրէասի տօնին օրը Պոլիս կը մեկնի, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2022, 13:08