Որոնել

mm.jpg

2023-ի Լիզպոնի ԵՀՕ ունին 13 պաշտպան սուրբեր։

Գերագոյն պաշտպան սրբուհին Սուրբ Կոյս Մարիամն է` կինը, որ ընդունեց Մայրը դառնալ մարմանացած Աստուծոյ Որդոյն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեր օրերուն սրբութեան 13 լոյսեր. Անոնք երիտասարդներուն ներկայացուած տիպարներն են` որոնք ընտրուած են Լիզպոնի մէջ 1էն 6 օգոստոս 2023-ին կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու կազմակերպիչ Կոմիտէի կողմէ, օգնելու համար ԵՀՕ մասնակիցներուն քալելու դէպի այդ մեծ ու կարեւոր ձեռնարկը». Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ` հինգշաբթի 18 մայիսի երեկոյեան տարածուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Յիսուս տանիլ համայն աշխարհ

Գերագոյն պաշտպան սրբուհին Սուրբ Կոյս Մարիամն է` կինը, որ ընդունեց Մայրը դառնալ մարմանացած Աստուծոյ Որդոյն։ Մարիամ Յիսուսը կը տանի միւսներուն ու ան այսօր եւս տիպար մըն է, աշխարհի մը մէջ, որ կը սպասէ Քրիստոսին աւետիսը։ Հերոսներու շարքին կան ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, ԵՀՕ հիմնադիրը, Սուրբ Յովհաննէս Պոսքօն, Սուրբ Վինչենցոն` Զ-րդ դարու սարկաւագ եւ նահատակ ապա սուրբերը` որոնք Լիզպոնէն մեկնեցան աշխարհին տանելով Աւետարանը, Սուրբ Անտոնը, Մարտիրոսներու Սուրբ Բարթողոմէոսը, Սուրբ Յովհաննէս Տի Պրիթոն։

Լիզպոնցի Երանելիները

Վերոնշեալ սուրբերուն կը միանան ապա Լիզպոնի երիտասարդ երանելիներ` ինչպէս Ալֆոնսիոս Ե թագաւորի դուստրը` Փորթուկալի Ճովաննան, որ ընտրեց հայեցողական կեանքը, ապա 1570-ին նահատակուած Յիսուսեան միսիոնար` Ճովաննի Ֆերնանտէսը, եւ Անարատ Յղացեալ ֆրանչիսկեան հիւանդատներու միաբանութեան հիմնադիրը Մանուկ Յիսուսի Մարիա Քլարան։

Մերօրեայ Երանելինր

Կան ապա մերօրեայ Երանելիները, ինչպէս Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին, որ հակառակ` որ հոգին աւանդեց 24 տարեկանին իր կեանքը նուիրեց աղքատներու ծառայութեան ուրախութեամբ ապրելով Աւետարանը։ Երանելի Մարչելլօ Քալլօ, Սկաուտ մը, որ մահկանացուն կնքեց Մաութաուսի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ 1945-ին, հուսկ Երանելիներ Քիարա Պատանօ եւ Քարլօ Աքութիսը, որոնք հիւանդութեամբ ախտահարուած դեռահաս տարիքի մէջ այդ տառապանքը ապրեցան Խաչեալ Քրիստոսի հետ միասին, ներկայ մեր ժամանակներուն ընծայելով հաւատքի լուսաւոր վկայութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 08:00