Որոնել

Լիզպոնի մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդներու համաշխարհային օրուան նոր կեդրոնին։ Լիզպոնի մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդներու համաշխարհային օրուան նոր կեդրոնին։ 

Գերապայծառ Փառա. «Դէպի Լիզպոն 2023 հետեւելով Պապին երազին։»

Քահանայապետը երբեք չի յոգնի երիտասարդները փնտռելէ ու անոնց հետ հանդիպելէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 մայիսին, Լիզպոնի մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդներու համաշխարհային օրուան նոր կեդրոնին, ձեռամբ Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ, արքեպիսկոպոս էտկար Փէնա Փառային, որ Փորթուկալ կը գտնուի, Ֆաթիմային Տիրամօր տօնին առթիւ

Ունկնդրէ լուրը

Նոր կեդրոնին բացման արարողութեան ներկայ գտնուողներուն շարքին էին նաեւ Լիզպոնի պատրիարք կարդինալ Մանուէլ Խօսէ Մաքարիօ Տօ Նաշիմենթօ Քլէմէնթէ, ինչպէս նաեւ տեղական կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները։ Արք Փառա այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ «երբեք չի յոգնիր երիտասարդները փնտռելէ ու անոնց հետ հանդիպելէ», Ան կ՝երազէ այս Երիտասարդներու համաշխարհային ժողովը, «եկեղեցին ու իր հովինները կ՝երազեն, անհամբեր յուսալով, որ երիտասարդները ընդունին Լիզպոն գալու հրաւէրը»։ ըսաւ Արք Փառա մէջ բերելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Christus vivit առաքելական թուղթէ հատուած մը« Մինչ կը պայքարիք իրականացնելու համար ձեր երազները, այսօր լիուլի ապրեցէք, սիրով լի ամէն ժամանակներու մէջ» այս առաքելութիւնը որ «ձեզի յանձնուեցաւ»։

Արք Փառա հուսկ՝ յորդորեց երիտասարդներու համաշխարհային օրուան կազմակերպիչները, որ Աստուծմէ բխած իմաստութեամբ ամէն բան ծրագրեն արդիւնաւոր կերպով, փոխադարձ օգնութեան հոգիով, որովհետեւ ոչ մէկը կրնայ մինակը կազմակերպել այսպիսի բարդ ձեռնարկը մը։ Գերապայծռա Փառա խնդրեց նաեւ բոլորին միջեւ հաւատարիմ գործակցութիւն, որ կը ծնի եղբայրական հաղորդութեան մէջ եւ կը խրախուսէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի գործունէութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2022, 09:34