Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը Քաշիայի սրբավայրին մէջ Կարդինալ Փարոլինը Քաշիայի սրբավայրին մէջ 

Կարդինալ Փարոլինը Քաշիայի մէջ. Ուքրանիոյ համար հրատապ են խաղաղութեան համար բանակցութիւններ

Բռնութիւնը երբեք չի լուծեր հակամարտութիւնները, այլ պարզապէս կ՜աճեցնէ անոնց ողբերգական հետեւանքները։ Այս մէկը կը փորձարկենք ամէն օր եւ ես հարց կու տամ եթէ պիտի կարենանք սորվիլ պատմութենէն, ընթացիկ իրադարձութիւններէն թէ բռնութիւնը կիրարկելը ձեւն է սրացնելու խնդիրները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնին օրը, Կիրակի 22 Մայիսին, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը սուրբ պատարագ մատոյց անկարելի բաներու սրբուհիին Քաշիայի սրբավայրին մէջ, հայցելով սրբուհիին բարեխօսութիւնը, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ վերջ դրուի բռնութիւններուն։

«Այս հաւատքի եւ խաղաղութեան տարածաշրջանին մէջ, ինչպիսին է Ումպրիա Մարզը, կը մաղթեմ, որ բանակցութիւնները սկսին հնարաւորինս շուտ, և որ վերջապէս կարելի ըլլայ հասնիլ այդքան ցանկալի խաղաղութեանը» եղաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինին մաղթանքը, սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ուր ապա «անկարելի բաներու սրբուհի եւ յուսահատական հարցերու փաստաբան Սրբուհի Ռիթային» յանձնեց աղօթքը` որպէսզի շուտափոյթ լուծում մը գտնուի Ուքրանիոյ հակամարտութեան համար։

Սրբուհի Ռիթան խորհրդանիշն է «ներումի, խաղաղութեան եւ սիրոյ առաքինութեան», ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով, որ անոր ձեռքերուն մէջ է` որ ինք կը դնէ մարդկային տկարութիւնները եւ անոր «կը յանձնեմ Ֆրանչիսկոս Պապին բազմաթիւ դիտաւորութիւնները, որով չի դադրիր ամէն օր իր ձայնը լսելի բարձրացնելու, որպէսզի հնարաւորինս արագ կոտրուի Ուքրանիայի մէջ անօգուտ մահուան պարոյրը»։

Բռնութիւնը երբեք պատասխան մը չէ եւ Ռոքքափորէնայի այս խոնարհ կնոջ կեանքը, մեզի կը սորվեցնէ, թէ` բռնութիւնը երբեք չի լուծեր հակամարտութիւնները, այլ պարզապէս կ՜աճեցնէ անոնց ողբերգական հետեւանքները։ Այս մէկը կը փորձարկենք ամէն օր եւ ես հարց կու տամ եթէ պիտի կարենանք սորվիլ պատմութենէն, ընթացիկ իրադարձութիւններէն թէ բռնութիւնը կիրարկելը ձեւն է սրացնելու խնդիրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 08:00