Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Զակապրիոյ մէջ կարդինալ Փարոլին վերահաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառութիւնը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար։

Հարաւային եւրոպայի մէջ պատերազմի նիւթը առանցքը կազմեց Կարդինալ Փարոլինի խրուաթիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի եւ Խրուաթիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 25 ամեակին առթիւ խրուաթիա կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս Վատիկանի պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիերթօ Փարլոլին, հինգշաբթի, 12 մայիսին, այցելեց Զակապրիոյ խորհրդարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ, տիար Կորտան Ժանտոքովիչին հետ։

Հանդիպումի ընթացքին կարդինալ Փարոլին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար յղած կոչերը։ Մինչ խորհրդարանի նախագահը իր մտահոգութիւն յայտնեց այն գծով, որ Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ տարածուիլ մինչեւ Հարաւային Եւրոպա։ Նախագահը զրուեց նաեւ Խրուաթիոյ իրավիճակի մասին մտահոգութիւնը յայտնելով երկրի ապագային եւ գոյատեւման համար, հրաւիրելով սուրբ Աթոռը օգնելու լուծումներ գտնելու, որոնք ժողովուրդներու միջեւ հաւասարութեան երաշխաւորման ի խնդիր։

Վատիկանի պետական քարտուղարը, Զակապրիոյ խորհրդարանի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին վերահաստատեց ըսելով որ Սուրբ Աթոռը հաւատարմօրէն կանգնած է Խրուաթիոյ սիրելի ժողովուրդին կողքին ու ժամանակի հոլովոյթին սէրն ու կապը որ ծնած են երկու կողմերու միջեւ իրենց արտայայտութիւն գտած են խորհդարանի հրապարակին վրայ կառուցած եկեղեցւոյ մէջ։ Ըսաւ Կարդինալ Փարոլին յիշելով նաեւ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին աշխատանքներու շնորհիւ Սուրբ Աթոռը պաշտօնապէս ճանչցաւ Խրուաթիոյ անկախութիւնը՝ 13 յունուար 1992ին։

Ելոյթին մէջ կարդինալ Փարոլին յիշեց ամրագրուած պայմանագրերուն արժէքը, նշելով որ Սուրբ Աթոռի եւ Խրուաթիոյ հանրապետութեան միջեւ համաձայնագիրերը « պէտք չեն դիտարկուիլ այլ կրօնական համայնքներու հաշւոյն այլ պէտք են դիտարկուիլ որպէս տիպար՝ հակամարտութիւնները կամ տարաձայնութիւնները կանխելու համար։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը,իր ելոյթին մէջ խօսելով կրօնական ազատութեան մասին ընդգծեց թէ« գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրները ընտրած են դաւանանքային համաձայնութիւններու համակարգը,կրօնական ազատութիւնը երաշխաւորելու համար, եւ Կաթողիկէ եկեղեցին մտադիր է ձեռք բերել կանոնադրութիւն մը, որ հնարաւորինս կը համընկնի իրեն յատուկ կարիքներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2022, 17:00