Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձ մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձ մը 

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց ներդրումը սինոդականութեան մասին եպիսկոպոսներու սինոդին մէջ։

Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական ժողովի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 20 մայիսին, աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով ,թէ հինգշաբթի, 19 մայիսին, յետմիջօրէին, տեղի ունեցած է առցանց լսում մը «եկեղեցին ձեր տունն է» նիւթով, որուն ընթացքին քննարկուած է սինդականութեան մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց ներդրումին մասին նիւթը։

Առցանց լսումը կազմակերպած է աշխարականներուն, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական համաժողովը համագործակցութեամբ Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներ, ունենալով կէտնպատակ անմիջական ձայն տալ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն, որոնք «ստէպ եկեղեցւոյ ծայրը գտնուող հաւատացեալներ են» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յուզիչ վկայութիւններով հանդէս եկան հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր

Առցանց լսումին իրենց մասնակցութիւնը բերող, ֆիզիքական, զգացողական կամ ճանաչողական հաշմանդամութիւն ունեցող 30 անձեր աշխարի տարբեր երկիրներէն,իրենց լեզուներով պատասխանեցին կարգ մը հարցումներու որոնք կը վերաբերին աւետարանի հռչակումին ու Յիսուսի ուղեւորութեան մէջ աճելու սուրբ Հոգիին սպասումներուն։

Յուզիչ վկայութիւններով հանդէս եկան, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն Մեքսիքոյէն հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, շեշտելով խտրականութեան, բացառման, հայրականութեան յաղթահարման անհրաժեշտութիւնը։

Առցանց լսումին բացումը կատարեց, եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը կիսելով իր անձնական փորձառութիւնը նշելով« Պարտք ունիմ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն։ Անոնցմէ մէկուն է որ կը պարտիմ իմ քահանայական կոչումիս ուղեւորութիւնը։ Եթէ հաշմանդամ եղբօրս կամ քրոջս դիմագիծը պակսի, եկեղեցին է որ կը դառնայ հաշմանդամ։»

Լսումին մասնակիցները պահ մը լռութիւն պահեցին սուրբ Հոգիին ձայնը լսելու համար։

Առցանց լսումը աւարտեց, եպիսկոպոսներուն սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ենթաքարտուղար, քոյր Նաթալի Պէքար, առաջարկելով լսումի մասնակիցներուն յարգել պահ լռութիւն լսելու համար թէ ինչպէս Սուրբ Հոգին խօսեցաւ իւրաքանչիւրին հետ։

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը հրաւիրուեցան նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն պատրաստելու , հովուական ծառայութեան գործունէութեան մէջ հասունցած իրենց փորձառութիւններուն ու հաշմանդամութեան աշխարհի ճանաչողութեան մասին ընդհանուր փաստաթուղթ մը, յանձնելու համար Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 11:43