Որոնել

PAUL-GALLAGHER-arcivescovo.jpg

Գերապայծառ Կալլակէր կը պատրաստուի մեկնիլ Ուքրանիա խաղաղութեան եւ երկխօսութեան փնտռտուքով

Ճամբորդութիւն մը վերահաստատելու համար «խաղաղութեան հաստատումի ծիրէ ներս երկխօսութեան կարեւորութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Չորեքշաբթի 18 մայիսին Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը եկեղեցական դիւանագիտական առաքելութեամբ կը մեկնի Ուքրանիա ուր նախ կ՜այցելէ Լվով քաղաքը ուր հանդիպում կ՜ունենայ Քաղաքի Յոյն Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Իկոր Վոզնիաքի հետ ու կ՛այցելէ գաղթականները հիւրընկալող հաստատութիւն մը։ Երկրորդ օրը Ան կը հանդիպի Լվովի Մարզի նախագահին ու Քիեւի աւագ Արքեպիսկոպոս` Սվիաթոզլաւ Շեվչուքի ինչպէս նաեւ Լեհաստանի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Սթանիզլաւ Կտէչքիի հետ մինչ ճամբորդութեան երրորդ օրը նախատեսուած է հանդիպում Ուքրանիոյ արտգործ նախարար Տիար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ, որմէ ետք տեղի կ՜ունենայ մամլոյ ասուլիս եւ այց պատերազմէն վնասուած վայրեր։

Գերապայծառ Կալլակէրի ճամբորդութեան վերոնշեալ լուրն ու յայտագիրը տարածեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութիւնը իր թուիթըրեան կայքին միջոցաւ նշելով, որ այս ճամբորդութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Աթոռի եւ Ուքրանիոյ հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին 30 ամեակին։ Ճամբորդութիւն մը վերահաստատելու համար «խաղաղութեան հաստատումի ծիրէն ներս երկխօսութեան կարեւորութիւնը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 13:14