Որոնել

Գերապայծառ  Կալլակէրը Լվիվի մէջ Գերապայծառ Կալլակէրը Լվիվի մէջ 

Պատերազմը հեռուստակայանէն դիտելը տարբեր է իրականութենէն. Գերապայծառ Կալլակէր։

«Սրբազան Քահանայապետին անունով կ՜ուզեմ արտայայտել մեր աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փօլ Կալլակէր, որ այս օրերուն եկեղեցական դիւանագիտական այցով կը գտնուի Ուքրանիա, խօսելով իր այս ճամբորդութեան մասին անդրադարձած է տեղական եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումներու մասին յայտնելով, թէ վաղը հանդիպում պիտի ունենայ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ ու գոհունակութիւն յայտնած է տեղեակն Եկեղեցւոյ այս մարդկային ահաւոր ողբերգութեան տուած պատասխանին համար. «Եկեղեցի մըն է որ ինքզինք կը նոյնացնէ ժողովուրդին հետ ու կը ջանայ համապատասխանել անոր կարիքներուն , օգնութեան հասնելով ոչ միայն կաթողիկէներուն այլ բոլորին, նոյնիսկ անոնց` որոնք կը պատկանին այլ կրօններու» ըսած է Գերապայծառ Կալլակէրը։

Վկաներ գաղթականներու տառապանքին

«Մենք վկաներ ենք այն գաղթականներու տառապանքին, որոնք ստիպուած եղան թողուլ ամէն բան ու հեռանալ եւ այս մէկը իրապէս դժուար է, մանաւանդ որովհետեւ անոնք մեծամասնութեամբ կիներ, մանուկներ ու պատանիներ են» աւելցուցած է ի միջի այլոց Վատիկանի ներկայացուցիչը ակնարկելով այդ մարդոց ապրած դժուարութիւններուն ու տառապանքին։

Գերապայծառ Կալլակէր նշած է ապա թէ ինք երբեք Ուքրանիան չէր այցելած ու թէ մեծ տարբերութիւն կայ պատերազմը դիտել հեռատեսիլով ու իրականութեան դպչիլ անձամբ։

Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը

«Սրբազան Քահանայապետին անունով կ՜ուզեմ արտայայտել մեր աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը» ըսած է Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար որ խօսելով Սուրբ Աթոռի եւ Քահանայապետի դիւանագիտական գործունէութեան մասին ընդգծած է որ «Սուրբ Աթոռը կ՜ուզէ շարունակել քաջալերել մարդասիրական օգնութիւններու ուղարկումը» զգուշացնելով «յոգնութենէն» որ վրայ կը հասնի երբ լուծումներ չեն գտնուիր եւ հարցը շատ կ՜երկարի։

«Քահանայապետը պիտի շարունակէ աշխատիլ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին աւարտին համար եւ այս ըրաւ ու պիտի ընէ իր միջամտութիւններով, աղօթքի պահերով եւ կոչերով», նշած է միշտ ի միջի այլոց գերապայծառ Կալլակէրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 13:00