Որոնել

Գերապայծառ Կալլակէր եւ Ուքրանիոյ արտգործ նախարարը Գերապայծառ Կալլակէր եւ Ուքրանիոյ արտգործ նախարարը 

Ուքրանիա. Կալլակէր. Անիմաստ հակամարտութիւն` յառաջանանք խաղաղութեան ճանապարհով

Ս. Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Քիեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, թէ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ տրամադրութիւնը խթանելու իսկական բանակցային գործընթացք մը, այս մէկը նկատելով` «շիտակ ուղին արդար ու մշտական լուծումի մը համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այս ճամբորդութիւնը ինծի թոյլ տուաւ ձեռքով դպչելու այս Երկրի վէրքերուն։ Այսօր առաւօտեան այցելեցի նահատակներու քաղաք Պուչան, Վոծելը եւ Իրփինը»։ Խօսքերն ասոնք Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրին, որ անցեալ 18 մայիսէն ի վեր կը գտնուի Ուքրանիա, ուր տարած է Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը եւ ուր այսօր` Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար` Տիար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին վերահաստատեց Քահանայապետին եւ Սուրբ Աթոռին յատուկ ուշադրութիւնը Ուքրանիոյ նկատմամբ, որ վկայուեցաւ նաեւ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին եւ Կարդինալ Միքայէլ Շեռնիին երկրին տուած այցելութիւններով։

Յարատեւել հետապնդելով խաղաղութեան նպատակը

Գերապայծառ Կալլակէր վստահեցուց ապա, թէ Քահանայապետը եւ իր անմիջական օգնականները «ցաւ կը յայտնեն բազմաթիւ զոհերուն համար, ամէն տեսակ բռնութիւններուն համար, քաղաքներու կործանումին համար, ընտանիքներու բաժանումներուն ու բազմաթիւ գաղթականներուն համար»։

Մատնանշելով անիմաստ հակամարտութեան վերջ դնելու անմիջական ձեւեր որոնելու փորձերուն, Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց թէ «Աստուծոյ ու մարդկութեան վրայ հաւատքը մեզ կը մղէ հակառակ ամէն բանի յարատեւելու հետապնդելով խաղաղութեան նպատակը, աղօթքի. Խօսքերու, եւ գործերու միջոցաւ, առանց պահ մը զիջելու այս հսկայական մարտահրաւէրին դիմաց»։

Սուրբ Աթոռը կը վերաստատէ տրամադրութիւնը ի նպաստ բանակցութիւններու

«Սուրբ Աթոռը, այնպէս ինչպէս միշտ ալ ըրած է, կը վերահաստատէ իր տրամադրութիւնը` խթանելու համար իսկական բանակցային գործընթացք մը, այս մէկը նկատելով շիտակ ուղին արդար ու մշտական լուծումի մը համար» ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէրը հաստատելով նաեւ` թէ «Եկեղեցին կը ջանայ համապատասխանել ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներուն, ըլլայ անմիջական ըլլայ երկար ժամկէտով»։ Ան ապա իր անձնական երախտագիտութիւնը արտայայտեց Ուքրանիայի Իշխանութիւններուն ու նաեւ տեղական կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու միւս եկեղեցիներուն ու կրօնական կազմակերպութիւններուն «իրենց խաղաղութեան եւ զօրակցութեան ի սպաս յանձնառումին համար, յոյսով` որ անոնք գտնեն անհրաժեշտ աջակցութիւնը որուն կարիքն ունի եւ որպէսզի համայն աշխարհի միասնական ջանքերը վերջ դնեն կործանումին ու մահուան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 18:00