Որոնել

Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Պուքայի մէջ սրտաճմլիկ սարսափ»։

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլկեր այցելեց Պուշա քաղաքի Օրթոտոքսներու Սուրբ Անդրէաս եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգուածային գերեզմանները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուքրանիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, ուրբաթ, 20 մայիսին, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր այցելեց Պուչա քաղաքի Օրթոտոքսներու Սուրբ Անդրէաս եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգուածային գերեզմանները, ուր զետեղուած են աւելի քան 100 անանուն դիակներ, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ։

Գերապայծառ Կալլակեր խորապէս տխրած է հարիւրաւոր անանուն դիակներուն համար

Զանգուածային գերեզմաններու մէջ զետեղուած դիկաներուն առջեւ աղօթք բարձրացնելէ ետք գերապայծառ Կալլակեր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին իր խոր ցաւը յայտնեց պատերազմի զոհերուն համար միժամանակ յոյս եւ քաջութիւն մաղթեց պատերազմի թիրախ Ուքրանացի ժողովուրդին։

«Ես խորապէս տխրած եմ այս փորձարութենէն, որովհետեւ անձ մը որ Պուչա քաղաք կը ժամանէ կ՝ուզէ տեսնել արդիական բաներ, ինչպէս է պարագան Եւրոպայի տարբերու երկրիներու մէջ, սակայն ես ականատես եղայ իրականութեան մը՝ ուր հարիւրաւոր մարդիկ թաղուած են։» ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր աւելցնելով, որ ինք տեսաւ նաեւ Սուրբ Անդէրաս եկեղեցւոյ դամբարանէն ներս արտաշիրման պատկերներ, «որոնք սրտաճլիկ երեւոյյթներ են։ Դա սարսափելի է քանի, որ իրականացուած է մարդոց կողմէ այլ մարդոց դէմ, կատարուած քաքաքացիներու դէմ բարբարոսական ձեւով»։ ըսաւ Գերապայծա Կալլակեր շեշտելով, թէ բոլորս վկաներ ենք այդ երկրի մարտիրոսութեան ու տառապանքներուն։

Այժմ խաղաղութեան, համերաշխութեան մասին խօսիլը շատ դժուար է։

Ի վերջոյ գերապայծառ Կալլակեր ընդգծեց թէ վէրքերը շատ խորունկ են ու շատ դժուար, ու այժմ խաղաղութեան, համերաշխութեան մասին խօսիլը շատ դժուար է, որովհետեւ անձերուն սիրտերուն մէջ վէրքերն ու տառապանքները շատ խորունկ են ու ժամանակի կարօտը ունի։ «Պէտք է շատ աղօթել, որպէսզի Տէրը, որ իրականութեան մէջ միակ փրկութիւնն է մեզի շնորհէ այդ վէրքերը ամոքելու, ժողովուրդը յառաջ ընթանալու շնորհքը»։ ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 14:22