Որոնել

Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր 

Կալլակեր.«Հանդիպեցայ խիզախ եւ վիրաւոր ժողովուրդի մը հետ, երկխօսութեան կարիքը կայ խաղաղութեան համար։»

Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ դարձեալ սպառազինութեան նոր մրցավազքը սկսիլը, անյարմար է։ Ուքրանիան պէտք է ներառուի ամէն ձեռնակներու մէջ ուղղուած երկրին խաղաղութեան ի նպաստ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջ գտաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերի Ուքրանիա կատարած այցելութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Վատիկան Նիւզ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին արքպ.Կալլակեր ընդհանուր անդրադարձ կատարելով Ուքրանիա կատարած երեք օրեայ այցելութեան նախ եւ առաջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ սոյն ճամբորդութեան կարելիութեան համար, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի, Ուքրանիոյ քաղաքացիական իշխանութիւններու, եկեղեցիներուն ինչպէս նաեւ Պապական նուիրակին ու անոր համագործակիցներուն, ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Գերապայծառ Կալլակեր նշեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ առիթը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնները յայտնելու ու հանդիպելու քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ եկեղեցական անդամներու հետ որոնք յոյժ մտահոգ են երկրի կացութեամբ։

«Ականատես եղանք ու լսեցինք իշխանութիւններուն մեծ գնահատանքը այն բոլոր աշխատանքներու համար՝ կատարուած Ուքրանիոյ մէջ սոյն տագնապի ընթացքին՝ մարդասիրական գործունէութիւնները եւ հոգեւոր զօրակցութիւնը Ժողովուրդին։ Սա յոյժ կարեւոր կը նկաուի ու գիտեմ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ շատ երջանիկ պիտի ըլլայ ստանալով այս լուրերը։» ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր, ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարելով Ուքրանիոյ մէջ այցելած քաղաքներու, ուր «հանիպեցաց շատ մը անձնաւորութիւններուն հետ եւ ականատես եղայ մարտիրոսական արարքներուն ու զգացի ժողովուրդի տառապանքները»։ ըսաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը աւելցնելով, որ «Ուքրանիոյ մէջ շատեր իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, հրապարակային ունկնդրութիւններուն, Մարեմեան աղօթքներու խորհրդածութիւններուն ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներու ընթացքին յղած կոչերուն, ու համոզուած են, որ Սուրբ Աթոռն ու Պապը կը շարունակեն ամէն բան կատարել հակամարտութեան լուծման ի խնդիր։»

Գերապայծառ Կալլակեր ի վերջոյ անդրադառնալով Եւրոպական երկիրներու Ուքրանիա ուղղարկած պատերազմական սարքերուն եւ զէնքեր քնելու նիւթական օժանդակութիւններուն յայտնեց, թէ Սուրբ Աթոռը միշտ պնդած է, որ կարիքը կայ որոշակի համաչափութեան, որովհետեւ Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ սպառազինութեան նոր մրցավազքը սկսիլը, յարմար չէ։ Ուքրանիան պէտք է ներառուած ըլլայ ամէն ձեռնակներու մէջ՝ երկրին խաղաղութեան ի նպաստ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 09:23