Որոնել

283860234_316467170660580_2235743081476141206_nAEM.jpg

Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երեսուն տարիներու պերճախօս կամուրջները։

ՀՀ մօտ Առաքելական Նուիրակ` Գերապ. Պեթանքուրի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ Դեսպան Նազարեանի յայտարարութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30 ամեակի առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատումին երեսուն տարիներու տօնախմբութեան առիթով Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզը կապ հաստատելով Հայաստանի մօտ առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրի հետ ինչպէս նեաւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեանի հետ անոնցմէ խնդրեց գնահատական մը տալ վերոնշեալ յարաբերութիւններու մասին։

Գերապայծառ Պէթանքուրը ՀՀ նախագահ Խաչատուրեանի հետ
Գերապայծառ Պէթանքուրը ՀՀ նախագահ Խաչատուրեանի հետ

Գերապայծառ Պեթանքուրը այս առնչութեամբ հաստատեց.

«Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատումին երեսուն տարի անց կարելի է գնահատական մը տալ, որ անկասկած դրական է։

Երեսուն տարիներ առաջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Խորհդային վարչակարգի փլուզումէն ետք, որոշեց ճանչնալ Կովկասի երեք երկիրներու անկախութիւնը` որպէս յոյսի եւ քաջալերանքի նշան այդ երիտասարդ հանրապետութիւններուն համար, որոնք այնուամենայնիւ իրենց ետին ունէին դարերու փառաւոր պատմութիւն եւ աւանդոյթներ` իրենց տարբերութիւններուն հանդերձ։  

Հայոց Ժողովուրդը, քրիստոնէական կրօնը դաւանող աշխարհի ամենահին ազգը, Սուրբ Պետրոս առաքեալի Աթոռ` Հռոմի հետ ունեցած է միշտ առանձնայատուկ յարաբերութիւն։ Ոչ թէ անշարժ այլ գործունեայ յարաբերութիւններ, այն իմաստով, որ անոնք զարգացան քրիստոնէական միասնական պատմութեան այս երկու հազարամեակի ընթացքին։

Ուստի, այս երեսուն տարիները, թէպէտեւ կարեւոր, ինչպէս ընդգծեցին երկու պետութիւններու Արտգործ Նախարարները այս յոբելեանի առթիւ իրենց փոխանակած յիշատակի նամակներուն մէջ, կը ներկայացնեն բարեկամութեան և եղբայրութեան երկարամեայ պատմութեան մէկ փոքր դրուագը, որ Հռոմի եկեղեցին կը կապէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ:

Սուրբ Աթոռի և Հայաստանի Հանրապետութեան միջև երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններն այսպիսով կը միաձուլուին լատինական և հայկական մշակոյթներու երկհազարամեայ յարգանքի և մտերիմ յարաբերութիւններու հետ:

Օգտագործելով Ֆրանչիսկոս Պապին բնորոշ արտայայտութիւնները, կարող ենք արդարացի օրէն հաստատել, որ այս քսան դարերու, ինչպէս նաեւ այս վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին կառուցուած «կամուրջները» ակնյայտօրէն կը գերազանցեն և աւելի պերճախօս են այն «պատեր»էն, որոնք պատմութեան հոլովոյթին, տարբեր շրջադարձերու պատճառով, երկու կողմերը կրցան բարձրացնել։

Ինչպէս չյիշել Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետին միջամտութիւնը քսաներորդ դարու ցեղասպանութեան դատապարտումի ծիրէն ներս եւ անցեալ ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւատանջ կոչերը` կասեցնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Ու նաեւ, ինչպէս նշած է արքեպիսկոպոս Կալլակէրը իր նամակին մէջ, ինչպէս չյիշել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը եւ անոր ընդգրկումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ։ Եւ վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապին կամքը՝ Երևանի մէջ հաստատելու Առաքելական Նուիրակութեան մնայուն նստավայրը։

«Կը հաւատամ, որ այս բոլոր որոշումները վառ արտայայտութիւնն են Սուրբ Աթոռն ու Հայաստանը կապող բարեկամութեան»։

Կարեն Նազարեան ու Ֆրանչիսկոս Պապը
Կարեն Նազարեան ու Ֆրանչիսկոս Պապը

 

Իր կարգին Դեսպան Նազարեանը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Նախ նշեմ, որ հայ-վատիկանեան առնչութիւններն ունեն բաւականին հարուստ անցեալ, և դրանք խարսխւում են վաղեմի պատմական, հոգևոր կապերի և քրիստոնէական հաւատքի վրայ։ Սուրբ Աթոռի հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման 30-ամեակի տարում մենք ուրախութեամբ արձանագրում ենք, որ դրանք այսօր առանձնանում են բարձր և բարձրագոյն մակարդակներում փոխ վստահելի, անկեղծ ու արդիւնաւէտ երկխօսութեամբ

Կցանկանայի ընդգծել, որ Երևանի ու Վատիկանի միջև միջպետական սերտ կապերը հիմնուած են ոչ միայն ընդհանուր պատմական և հոգևոր ժառանգութեան, այլեւ ժամանակակից աշխարհի առջև ծառացած մարտահրաւէրների վերաբերեալ նոյնական մօտեցումների վրայ: Պատրաստակամ ենք Սուրբ Աթոռի հետ ունեցած մեր գերազանց յարաբերութիւնները ծառայեցնել նաև միջազգային ու տարածաշրջանային խաղաղութեան և արդարութեան օրակարգերը սպասարկելու համար։

Այս բարեբախտ յոբելեանի առթիւ ցանկանում եմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել մեր հայրենակիցներին Հայաստանում, Արցախում և Սփիւռքում, Սուրբ Աթոռի նախկին ու ներկայ գործընկերներին, առաքելական նուիրակներին, հայ դեսպաններին ու դիւանագէտներին, ովքեր իրենց կարևոր ներդրումն են ունեցել և այսօր էլ ջանքեր են գործադրում մեր պետութիւնների միջև կապերի շարունակական զարգացման հարցում։

Երեւանի Սուրբ Աթռոի նուիրակութիւնը
Երեւանի Սուրբ Աթռոի նուիրակութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2022, 12:30