Որոնել

1633693866403.JPG

«Պատերազմը անիմաստ բռնութիւն է, պէտք է խաղաղութեան արհեստաւորներ ըլլալ». Կարդինալ Փարոլին։

Իր ելոյթի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը յիշեց նաեւ Մարոքի եւ Վատիկան միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման թուականը` 1976-ն, ինչպէս նաեւ 1985 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնները եւ այս վերջինիս խօսքերը` որով Երկիրը որակած էր «բնական կամուրջ ընդմէջ ափրիկէի եւ եւրոպայի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ Մարոքի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած Ուրպանեան Համալսարանի մէջ կայացած մէկ խորհրդաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Փարոլինը յիշեց Սուրբ Աթոռի եւ Մարոքի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի եւ լաւ յարաբերութիւնները անգամ մը եւս շեշտը դնելով Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերուն վրայ ի նպաստ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին։

Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան

«Այս ժամանակաշրջանին, որ յատկանշուած է անիմաստ բռնութեամբ Սուրբ Աթոռը յանձնառու է սատարելու խաղաղութեան հաստատումի ջանքերուն, եղբայրութեան եւ արդարութեան հետ միասին» ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը դիտել տալով, որ «այս մէկը պարգեւ մըն է, զոր թախանձագին կը հայցենք Աստուծմէ» ու հաստատելով` թէ «մեր աշխարհը ծարաւն ունի խաղաղութեան, այս աներեւելի բարիքին, որ կը պահանջէ բոլորին հետեւողական ջանքերուն ու աջակցութեան յանձնառումը»։

Ան անդրադարձ կատարեց նաեւ համաճարակին, որուն ծիրէն ներս հարկաւոր նկատեց «խթանել խաղաղութեան ծառայութեան համար շօշափելի գործընթացքներ, որոնք իրենց գործունէութեան որպէս կեդրոն ընտրեն մարդ անհատի արժանապատուութեան սրբութիւնը եւ հասարակաց բարիքին յարգանքը։

Երկխօսութիւն եւ եղբայրութիւն

Կարդինալ Փարոլինը մէջբերեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն ուղղած խօսքերը եւ այդ կապակցութեամբ երկու բանալի բարերը` «երկխօսութիւն» եւ «եղբայրութիւն», որոնք հիմնական կորիզներ են` յաղթահարելու համար ներկայի մարտահրաւէրները» որոնք յատկանշուած են «Պատերազմներու և հակամարտութիւններու խլացուցիչ աղմուկով»։

Մարոքը բնական կամուրջ

Իր ելոյթի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը յիշեց նաեւ Մարոքի եւ Վատիկան միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման թուականը` 1976-ն, ինչպէս նաեւ 1985 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնները եւ այս վերջինիս խօսքերը` որով Երկիրը որակած էր «բնական կամուրջ ընդմէջ ափրիկէի եւ եւրոպայի»։

Վատիկանի դիւանագէտը յիշեց հուսկ երէկ Սուրբ Հռչակուած Շարլ Տը Ֆուքոն, որ Մարոքի մէջ նոր թափ տուած էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու մասնաւորապէս միջ կրօնական երկխօսութեան ընդմէջ քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն։

Միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը

Մարոքը, ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը գեղեցկութեամբ հարուստ երկիր մըն է, որ մշտապէս եղած է քաղաքակրթութեան հանդիպումի վայր։ Որպէս հաւատացեալներ, ես վստահ եմ, որ պէտք է ուրախութեամբ ընդունինք մեր կրօնական միասնական արժէքները` որոնք կարող են մեզի օգնել դիմագրաւելու համար մեր առօրեայի եւ ընկերութիւններուն հարցերը, շնորհիւ Աստուծոյ եւ անոր ողորմածութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 13:28