Որոնել

Քոյր Ակուչիթա Քոյր Ակուչիթա 

Փերուի մէջ երանելի կը հռչակուի քոյր Մարիա Ակոսթինա Ռիվա Լոփեզ։

Քոյր Մարիա Ակոսթինա Լոփեզ ճանչցուած է Ակուչիթա անունով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ 7 մայիսին, Փերուի մէջ երանելի կը հռչակուի Քոյր Մարիա Ակոսթինա Ռիվա Լոփեց ճանչցուած, որպէս Ակուչիթա անունով։

Քոյր Ակուչիթա ու անոր գիւղին ընկերները սպաննուեցան իրենց դաւանած հաւատքին համար։

Աստուծոյ աղախին Քոյր Ակուչիթա ծնած է 13 յունիս 1920ին, Փերուի Քորաքորա քաղաքին մէջ։ Ան 14 տարեկանին կը փոխադրուի Լիփա քաղաք ուսանելու համար Սեվիլլա անուան վարժարանին մէջ՝ տնօրինուած Բարի հովիւի եղբայրիրութեան Տիրամօր ժողովին մայրապետներու կողմէ։ Հմայուած կրօնաւորական կեանքէն, 1941ին, մաս կը կազէ մայրապետներու միաբանութեան, մշտնջենական ուխտերը կատարելով 8 փետրուար 1988ին։Միսիոնարական ծառայութիւններու շարքին, 1988ին կ՝առաքուի Ֆլորիտա քաղաք ու հոն կը ծառայէ հակառակ բոլոր սպառնալիքներու եւ ծառայութիւններուն։

ֆրանչիսոս Պապ 22 մայս 2022ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու քոյր Ակուչիթայի մարտիրոսութեան վերաբերող հրամանագիրը, վկայուած Աստուծոյ աղախինի մահուան ժամուն ներկայ գտնուող վկաներու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2022, 09:30