Որոնել

 Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ 

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ Կադրինալ Սանտրիի նախագահութեամբ

Ոգեկոչման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ելոյթով հանդէս եկան Իտալիոյ հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ` Ծովինար Համբարձումեան եւ Կարեն Նազարեան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ապրիլի 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրուան առթիւ, Հռոմի Ս․ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ ի յիշատակ մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն։ Սուրբ պատարագը մատոյց Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր` Գերյ. Նարեկ Նաամոյեան, որուն նախագահեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ

Պատարագին ներկայ գտնուեցան արեւելեան այլ եկեղեցիներու պատկան եկեղեցականներ, օտարերկրեայ դեսպաններ ու դիւանագէտներ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան քոյրերը, ՀՀ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններն ու դեսպանատուներուն գործակիցները ու Հռոմի հայ համայնքի բազմաթիւ անդամները։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սանտրին նախ յիշեց թէ պատարագը կը մատուցուի Քահանայապետին հետ հաղորդութեամբ, որ նոյն պահուն Վատիկանի մէջ կը մատուցէ Աստուածային Ողորմութեան տօնին սուրբ պատարագը, ապա յատուկէն յիշեց Ուքրանիոյ պատերազմը ու անոր զոհերը Տիրոջմէ հայցելով, որ գթա մեր վրայ ու հնչեցնել տայ աշակերտներուն ուղղած խօսքը. «Խաղաղութիւն ձեզի»։

կարդինալ Սանտրի
կարդինալ Սանտրի

«Այսօրուան մեր հաւաքը առիթ է յիշելու աղօթքին մէջ` ցեղասպանութեան 107րդ տարեդարձը» ըսաւ  Ծիրանաւորը ու մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները մինչ քարոզի աւարտին ան հաստատեց, որ «Դարերու ընթացքին հայ սուրբերու իմաստութիւնն ու առաւելապէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կողմէն առաջարկուող պատմութեան խելամիտ ընթերցումը, Հայոց ցեղասպանութիւնէն 107 տարի անց մեզ` որպէս Քրիստոսի հետևորդներ, կը հրաւիրեն չմոռանալու եւ մոռցնել չտալու այն ինչ որ տակաւին կամք չկայ ընդունելու կամ բացայայտօրէն կը հերքուի, բայց ամենէն առաջ մեզ կը հրաւիրէ վերաճանչնալ հաւատքի մէջ ապրուած հերոսականութիւնը, որով ձեր ժողովուրդին զաւակները ապրեցան մեծ Եղեռնը»:

Այնպէս ինչպէս 21 ղպտի քրիստոնեաները, որոնք մի քանի տարի առաջ Յիսուսի անունը իրենց շրթներուն վրայ պահեցին, մինչ դանակը կը ջարդեր անոնց կոկորդը, այնպէս ալ ձեր նախնիքները ենթարկուեցան աքսորի, տառապեցան սովէն, կանանց ու երեխաներու հանդէպ բռնութիւններէն, սպանութիւններէն և շատ այլ չարիքներէն՝ երբեք չդադրելով կրկնել Յիսուսին անունը, եւ այդ անունը կապուած է Հայաստանի պատմութեան հետ` 301 թուականի մկրտութենէն ի վեր» հաստատեց Կարդինալ Սանտրին։

Ցեղասպանութեան նահատակները երկինքէն չեն գոհանար իմանալով, որ մենք զանոնք կը յիշենք, թէ իրենց համար կոթողներ կը բարձրացնենք, թէ կը գրենք բանաստեղծութիւններ կամ համերգներ կը կազմակերպենք, այլ մեզի հարց կու տան. Ի՞նչպէս է քու հաւատքդ Քրիստոսի մէջ, ի՞նչպէս կը վկայես զայն այսօր քու կեանքիդ մէջ։

«Ցեղասպանութեան մարտիրոսները մեզմէ կը խնդրեն հարցաքննել մեր ներկան, ու միասին կառուցել ապագան» ըսաւ ապա  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը նշելով, որ «ցեղասպանութիւնը եղաւ տխուր նախադէպ մը, մի քանի տասնամեակներ ետք տեղի ունեցած ողբերգութիւններուն»։

Ան անդրադարձ կատարեց ապա Աստուածային ողորմութեան, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր, մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը, ապա քարոզը աւարտեց ըսելով. «Ողորմած Յիսուս քեզի կը վստահինք, քեզի կը վստահի Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, քեզի կը վստահի Ուքրանիան ու համայն մարդկութիւնը»։

Դեսպաններ Նազարեան եւ Համբարձումեան
Դեսպաններ Նազարեան եւ Համբարձումեան

Սուրբ զոհի աւարտին աւանդոյթի համաձայն համատեղ ելոյթով հանդէս եկան Իտալիոյ և Սուրբ Աթոռի ՀՀ դեսպաններ` Ծովինար Համբարձումեանը և Կարեն Նազարեանը՝ որոնք դիտել տուին` որ «Հայոց ցեղասպանութեան իրականացնողներու ժառանգներու կողմէ անոր ուրացման անպատժելիութիւնն այսօր ևս կը ներշնչէ միջազգային նոր յանցանքներ ծրագրողներուն»:

«2020թ․ սեպտեմբերին Ադրբեջանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած վերջին պատերազմը, որն ուղեկցուած էր պատերազմական յանցագործութիւններով և էթնիկ զտմանն ուղղուած այլ գործողութիւններով, ի յայտ դրաւ, որ անցեալի մէջ իրականացուած յանցագործութիւններու պատշաճ ճանաչման ու դատապարտման բացակայութիւնն աղետաբեր հետևանքներ կարող է ունենալ»։

Որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, հայ դեսպանները ընդգծեցին, որ «անցեալի ցեղասպանութիւններու ճանաչումը և ոգեկոչումը առանցքային նշանակութիւն ունի հետագային աշխարհի որևէ անկիւնի մէջ նմանօրինակ ոճրագործութեան կրկնութեան կանխարգելման, արդարութեան պահպանման, մարդկային արժանապատուութեան, անպատժելիութեան դէմ պայքարի և միջազգային համերաշխութեան շուրջ միաւորուելու»:

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը Հռոմի մէջ

Պատարագի աւարտին Քահանայապետական Լևոնեան հայ կաթողիկէ վարժարանի բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի մօտ կարդինալ Սանտրին, վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոեանը և հոգևոր դասը կատարեցին հոգեհանգստեան աղօթք Սուրբ նահատակներու լուսաւոր հոգիների յիշատակին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2022, 07:59