Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Կարդինալ Փարոլին եւ գերապայծառ Փառա քորոնայով վարակուած են

Երկու կղերականները կը գտնուին իրենց բնակարաններէն ներս յարգելով մեկուսացումի կանոնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 18 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ գերապայծառ Փենիա Փառա քորոնայով վարակուած են։ Կարդինալ Փարոլին ունի թեթեւ ախտանշաններ մինչ գերապայծառ Փառան ոչ մէկ ախտանշան։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ երկու ծիրանաւորները կը գտնուին մեկուսացուած իրենց բնակարաններէն ներս։

Յայտնենք, թէ Վատիկանի մէջ վերջերս որդեգրուեցաւ նոր օրէնք քովիտի դէմ, որոնց համաձայն, չպատուաստուած պաշտօնեան չկրնար աշխատանքի երթալ։ Օրէնքը վաւեր է նաեւ համագործակիցներուն, ինչպէս նաեւ վատիկանէն ներս աշխատող այլ ընկերութիւններու պատկան պաշտօնեաներուն ու այցելուներուն համար։

Նոր օրէնքներու համաձայն շեշտուած է նաեւ դիմակ կրելու կանոնները, ստիպելով «ffp2» տիպի դիմակներ կրել փակ վայերէն ներս։

Յիշեալ նոր օրէնքները կը կրեն Վատիկանի Պետական քարտուղարի ստորագրութիւնը, ունենալով կէտնպատակ պայքարիլ առկայ առողջապահական հարցերուն դէմ` ապահովելով գործունէութեան անվտանգ գործադրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 13:19