Որոնել

Քիեւի Սուրբ Ալեսանտրօ կեղեցի. հաւատարիմ աղօթքի մէջ Հռոմի հետ միաժամանակ Քիեւի Սուրբ Ալեսանտրօ կեղեցի. հաւատարիմ աղօթքի մէջ Հռոմի հետ միաժամանակ 

Կալլակէր. Պատերազմը բոլորս պարտութեան կը մատնէ, բոլորս պատասխանատու ենք խաղաղութեան։

Գերապայծառ Կալլակէրը հրաւիրեց խաղաղութեան պարգեւը հայցել «որպէսզի բոլոր սրտերուն մէջ վերածնի նոր մարդ մը», ըսաւ Ան հաստատելով որ «խաղաղութիւնը վարակիչ է», ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ուղղած իր ճառին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Համապատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին 26 յունուարը յատկացնելու Ուքրանիոյ համար աղօթքի օրուայ` չորեքշաբթի երեկոյեան Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ Պազիլիքային մէջ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր նախագահեց խաղաղութեան համար յատուկ աղօթքի արարողութեան մը, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց պետութիւններու պատասխանատուներուն յանձնառու ըլլալու` ի սպաս խաղաղութեան, վերանորոգելով իրենց սրտերը։

«Հաղորդութեան մէջ ենք Քահանայապետին հետ, որպէսզի որեւէ ձեռնարկ ըլլայ ի սպաս մարդկային եղբայրութեան» ըսաւ ի մէջ այլոց Գերապայծառ Կալլակէրը «գայթակղեցուցիչ« համարելով «ականատես ըլլալ անմեղ բազմաթիւ զոհերուն տառապանքին»։

Պատերազմը ողբերգական է ու անոր հետեւանքները ահռելի են, նշեց Վատիկանի դիւանագէտը, ակնարկելով այն ցաւալի իրադարձութիւններուն, ուր մարդիկ զրկուած են նոյնիսկ իրենց հիմնական իրաւունքներէն, դատապարտելով մասնաւորապէս «մարդու ձեռքով» գործուած ողբերգութիւնները, որոնք հետեւանք են ««զգուշօրէն հաշուարկուած և համակարգուած կերպով իրականացուող գործողութիւններու», ոչ թէ «զայրոյթի պոռթկումի» հետեւանք, կամ «բնական աղէտներէ կամ մարդկային ուժերէն դուրս» իրադարձութիւններու հետեւանք:

Ասոնք` այսօր տարածուած տեսարաններ են, որոնց բերումով կարելի չէ մեզ բոլորս, որպէս «պարտուած» նկատեն մեր մարդկայնութեան մէջ, նշեց Գերապայծառ Կալլակէրը, հաստատելով `որ բոլորս ալ միասնաբար պատասխանատու ենք խաղաղութեան խթանումին, որովհետեւ Աստուած մեզ եղբայրներ դարձուց իրար հետ` Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Գերապայծառ Կալլակէրը ապա հրաւիրեց խաղաղութեան պարգեւը հայցել «որպէսզի բոլոր սրտերուն մէջ վերածնի նոր մարդ մը» ըսաւ Ան հաստատելով որ «խաղաղութիւնը վարակիչ է», ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ուղղած իր ճառին մէջ։

«Թող` որ Սուրբ Հոգին բոլոր մարդիկը եւ մասնաւորապէս պետութիւններու պատասխանատուները, դարձնէ խաղաղութեան գործիչներ», ըսաւ Կարդինալ Կալլակէր եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2022, 11:09