Որոնել

PAUL-GALLAGHER-arcivescovo.jpg

Արժէքներու դիւանագիտութիւնը ի սպաս ազգերու միջեւ հանդիպման խթանումին. Գերապայծառ. Կալլակէր։

Գերապայծառ Կալլակէր անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետական դիւանագիտութեան մասին, նշելով` որ «ան կը ջանայ գործնական իրավիճակները դիտել հասարակաց բարիքի եւ մարդկայնապաշտութեան հեռանկարով», որոնց նպատակը ըլլայ «խթանել մարդկային համապարփակ զարգացումը», որ պէտք է ներգրաւէ իւրաքանչիւր մարդ եւ մարդը իր ամբողջականութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Սան Քալիսթօ պալատի Պիոս ԺԱ-ի անուան դահլիճին մէջ “Carità Politica” ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Արժէքներու դիւանագիտութիւնը եւ զարգացումը» բնաբանով հանդիպումին ընթացքին, ի շարս այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր, որ ընդգծեց, թէ միասնական մարտահրաւէրները կը պահանջեն բաժնեկցուած լուծումներ, շեշտելով` որ «արժէքներու դիւանագիտութեան նպատակն է, խթանել մարդկային ընտանիքին բարիքը անհատական ու առանձին շահերէն անդին»։

Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը

Գերապայծառ Կալլակէր անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետական դիւանագիտութեան մասին, նշելով` որ «ան կը ջանայ գործնական իրավիճակները դիտել հասարակաց բարիքի եւ մարդկայնապաշտութեան հեռանկարով», որոնց նպատակը ըլլայ «խթանել մարդկային համապարփակ զարգացումը», որ պէտք է ներգրաւէ իւրաքանչիւր մարդ եւ մարդը իր ամբողջականութեամբ։

Կալլակէր նկատել տուաւ թէ 1948-ի տիեզերական հռչակագիրէն տասնեակ տարիներ ետք միտում կայ մարդկային իրաւունքները դիտել «ենթակայական հեռանկարով մը», ժխտելով անոնց կապը մարդկայնութեան հետ, որուն վրայ հիմնուած են անոնք։

Գաղափարական գաղութացումն ու մարդուն արժէքը

«Այդպէսով անոնք կը դառնան լոկ յատուկ շահերու խումբի մը արտայայտութիւնը» նկատել տուաւ Վատիկանի դիւանագէտը մատնանշելով, որ այս մէկը կը հայի այն միտումներուն, որոնց հիմքը կը կազմէ «գաղափարական գաղութացումը», որուն մասին յաճախ կը խօսի Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ որ «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ, ընդդէմ այդ գաղութատիրութեան, շեշտը կը դնէ հասարակութեան այն իրականութեան վրայ, «ուր մարդու արժէքը, ամենեւին աւելի կարևոր է, քան որևէ փոքր խումբ, ըլլայ ան ընտանիք, ազգ, էթնիկ պատկանելութիւն, կամ մշակոյթ»:

Ընտանիքն ու միջազգային քաղաքականութիւնը

Ասկէ մեկնելով Գերապայծառ Կալլակէր խօսեցաւ «ընտանիքի» մասին, «որպէս առաջին վայրը, ուր մարդ անհատը կը սորվի ապրիլ իր ընկերային ու հասարակական չափանիշը», նշելով` որ ընկերային զարգացումի ոլորտին հիմքը զօրակցութիւնն է ու եղբայրութեան գաղափարի այն ոլորտը, որուն մասին կը խօսի յաճախ Սրբազան Պապը։

Միջազգային քաղաքականութիւնը կանչուած է ունենալու համապարփակ մօտեցում, որ ներառէ միջ առարկայական երկխօսութիւն, այն նախադրեալով, որ «բոլորն ալ հաւասար իրաւունքներով և պարտականութիւններով աշխարհի քաղաքացիներ են»։

Զօրակցութիւն եւ եղբայրութիւն

Մինչ զօրակցութիւնը ընկերային ծրագրաւորումին սկզբունքն է, որ թոյլ կու տայ անհաւասար մարդոց դառնալ հաւասար, եղբայրութիւնը` թոյլ կու տայ հաւասարներուն ըլլալ տարբեր մարդիկ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով նաեւ` թէ արժէքներու դիւանագիտութեան սատարը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, թէ պէտք է «խթանէ ժողովուրդներու միջեւ աւելի ընդլայնուած եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մը, միասին համագործակցելու համար, իւրաքանչիւրը իր ազգային իսկական զգացումի եւ ազատութեան հիման վրայ», որովհետեւ արդարութիւնը կը պահանջէ` «ճանաչում ու յարգանք», ոչ միայն անհատական իրաւունքներուն, այլեւ ընկերային ու ժողովուրդներու իրաւունքներուն ճանաչումն ու յարգանքը» յարեց Գերապայծառ Կալլակէրը մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 10:12