Որոնել

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի 

Կարդինալ Սանտրիին այցելութիւնը Սուրիա՝ իր հետ տանելով Պապին զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը

Ծիրանաւորը իր հովուական այցը պիտի սկսի Դամասկոսի մէջ, այնուհետև հանգրուան կը կատարէ այլ քաղաքներ, ուր հանդիպումներ կ՛՜ունենայ կրօնաւորներու, կառավարական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

հոկտեմբերի 25-էն սկսեալ եւ մինչեւ Նոյեմբերի 3-ը, Արևելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ։

Յետաձգուած այցը

Այցը, որ նախատեսուած էր 2020 թուականի ապրիլին, յետաձգուեցաւ Քովիտի համավարակի պատճառով։ Անոր նպատակն է աջակցիլ պատերազմէն տուժած Սուրիոյ բնակչութեան, ապա մօտիկութիւն արտայայտել քրիստոնեայ զանազան համայնքներուն, համամիութենական հանդիպումներու և համայնքային աղօթքներու միջոցաւ։

Կարդինալ Սանտրիին սոյն ճամբորդութեան առիթով տարածուած մամուլի հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնէ Ծիրանաւորին ճամբորդութեան ծրագիրը, որ որպէս առաջին փուլ կը նախատեսէ Դամասկոսը։

Մօտիկութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին

Ճամբորդութեան հիմնական նպատակն է ինչպէս նշեցինք «այնտեղ տանիլ Ֆրանչիսկոս Պապին, մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը «տարիներու պատերազմներու փորձութիւններով անցած Սուրիոյ Կաթողիկէ համայնքներուն, որոնք ունին կշռադատման և հովուականն ստուգման պահի կարիքը»:

Հանդիպումներ կաթողիկէ համայնքներու հետ

Արևելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչի օրակարգը ի թիւս այլոց կը նախատեսէ.

· Ժողով Սուրիոյ կաթողիկէ ղեկավար դասերու ժողովի անդամներու հետ և Պատարագ՝ յոյն - մելքիդներու Անտիոքի պատրիարք Եուսէֆ Ապսիի հետ եռանախագահութեամբ։

· Հանդիպում Դամասկոսի և Բոսրա-Հաուրանի Մելքիդ շրջաններու քահանաներու հետ։

· Այցելութիւններ Սուրիայի Քարիթասի գրասենեակ, Սուրբ Վէնսըն տէ Փոլի ընկերութիւն, Սուրբ Պօղոսի որբանոց, իտալական և ֆրանսական հիւանդանոցներ։

· Այցելութիւն Սուրիոյ, Քաղդէական եւ Հայ Եկեղեցիներու նստավայրեր։

· Հանդիպում Դամասկոսի և Հարաւային Սուրիայի կրօնաւորներու հետ։

Կարդինալը կ՛այցելէ նաև Թարդուս, Հոմս և Հալէպ, ուր տեղի կունենան համամիութենական աղօթքներ, որոնց կը յաջորդէ միջ կրօնական հանդիպում:

Նախատեսուած է նաեւ աղօթքի հանդիպումներ քաղաքի իւրաքանչիւր կաթողիկէ տաճարին մէջ, մարոնի, մելքիդ, ասորի, հայ, քաղդէացի և լատին եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ։ Նախ քան Հռոմ վերադառնալը Կարդինալ Սանտրին կ՛այցելէ նաեւ Եապրուտ և Մաալուլա քաղաքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2021, 11:00