Գաղթական մանուկները խորհրդանշող «Ամալ» խամաճիկը Գաղթական մանուկները խորհրդանշող «Ամալ» խամաճիկը   (AFP or licensors)

Գաղթական մանուկները խորհրդանշող «Ամալ» խամաճիկը կը հասնի Վատիկան։

«The Walk» փառատօնը ծրագրուած է խթանելու համար գաղթականներուն իրականութեան վերաբերեալ իրազեկութիւնը մասնաւորապէս փոքրահաս գաղթականներուն նկատմամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Յառաջիկայ 10 սեպտեմբեր 2021 առաւօտեան ժամը 10,30ին Վատիկանի հրապարակին վրայ տեղադրուած գաղթականներ պատկերացնող «Angels Unawares – անգիտակ հրեշտակներ» յուշարձանի մօտ, հանգրուան պիտի կատարէ «The Walk» շրջուն փառատօնը, որ մեկնելով Սուրիա – Թուրքիա սահմանի վրայ գտնուող Կազըայնթափ քաղաքէն կը հասնի Միացեալ Թագաւորութեան Մանչըսթըր քաղաք։ Փառատօնը կը գլխաւորէ փոքրիկն Ամալը` 3,5 մեթր բարձրութեամբ խամաճիկը, որ կը նկարագրէ 9 տարեկան երիտասարդ գաղթական աղջնակ մը եւ իտէալական կերպով կը ներկայացնէ տեղահան բոլոր մանուկները, որոնցմէ շատերը ստիպուած եղած են բաժնուիլ իրենց ծնողներէն փախուստ տալով պատերազմներէն ու այլուր փնտռելով հիւրընկալութիւն։

7 սեպտեմբերէն սկսեալ նախ քան Մանչըսթըր քաղաք ժամանելը, շրջուն փառատօնը պիտի անցնի իտալական մի քանի քաղաքներէն ու 10 սեպտեմբերին հանգրուան պիտի կատարէ Վատիկան ուր պիտի դիմաւորուի Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման Վատիկանի գերատեսչութեան Գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար` Կարդինալ Միքայել Շզերնիի կողմէ ու նաեւ Գերապայծառ Պենոնիի կողմէ, որ է Հռոմի Թեմին բարեգործական գործունէութեան ու գաղթականներու հովութեան պատասխանատուն։

«The Walk» փառատօնը ծրագրուած է խթանելու համար գաղթականներուն իրականութեան վերաբերեալ իրազեկութիւնը մասնաւորապէս փոքրահաս գաղթականներուն նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2021, 08:29