Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Քրիստոնէութիւնը շահագործումի վտանգի տակ է քաղաքական նպատակներու համար». Կարդինալ Փարոլին

Քրիստոնէութեան մաս կը կազմէ ըլլայ կեանքի - սաղմէն մինչեւ մահ - պաշտպանութիւնը, ըլլայ մերձաւորի նկատմամբ սէրը, որպէս յատուկ ուշադրութիւն գաղթականութեան երեւոյթին նկատմամբ, Սրբազան Քահանայապետին առաջարկած չորս բայերու միջոցաւ. Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոնէութենէն չընտրուիր միայն այն ինչ որ մեզի հաճելի է կամ ինչ որ մեզի յարմար  կը թուի, քրիստոնէութենէն պէտք է ընդունիլ ամէն ինչ...։ Ան շուկայ երթալ չէ` գնելու համար այս կամ այն մէկը։ Վտանգը կայ շահագործել եւ կրօնը շահարկել «քաղաքական նպատակներու» համար։ Այս գաղափարները մաս կը կազմեն Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի 22 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ կայացած Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (PPE) հաւաքին առթիւ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին, որուն ընթացքին ան պատասխանեց  իրենց ուղղուած մի քանի հարցումներուն բացատրելով նաեւ իր ու Վատիկանեան գերատեսչութեան այլ պատասխանատուներու այս ժողովին մասնակցելու  պատճառը։

 Եկեղեցին ունկնդրել

«Այսօրուայ օրը նուիրուած է Եկեղեցւոյ ունկնդրութեան` թէ ինչ կ՛առաջարկէ եւ ինչ կը խնդրէ անոնցմէ եկեղեցին։ Այս է պատճառը Սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասերու Խորհուրդի ներկայացուցիչներու ներկայութեան» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, մատնանշելով` որ կուսակցութեան անդամներուն կողմէ  յատուկ ուշադրութիւն կայ քրիստոնէութեան նկատմամբ ու թէ անոր անդամներէն շատերուն սկզբունքները «համախոհ են քրիստոնէական սկզբունքներուն»։

Քրիստոնէութիւնը շուկայ չէ

Այն առարկութեան թէ աջակողմեան «փոփուլիսթ» կուսակցութիւններու անդամներուն մէջ եւս կան քրիստոնէական սկզբունքները վկայակոչողները , Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց թէ «Քրիստոնէութենէն չընտրուիր միայն այն ինչ որ մեզի հաճելի է կամ ինչ որ մեզի յարմար կը թուի, քրիստոնէութենէն պէտք է ընդունիլ ամէն ինչ։ Ուստի քրիստոնէութեան մաս կը կազմէ ըլլայ կեանքի - սաղմէն մինչեւ մահ -  պաշտպանութիւնը, ըլլայ մերձաւորի նկատմամբ սէրը, որպէս յատուկ ուշադրութիւն գաղթականութեան երեւոյթին նկատմամբ, Սրբազան Քահանայապետին առաջարկած չորս բայերու միջոցաւ. Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով նաեւ թէ «Միշտ ալ վտանգը կայ շահագործել եւ կրօնը շահարկել «քաղաքական նպատակներու» համար»։

Եւրոպայի տեսութիւնը

Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Աթոռի Եւրոպային հայող տեսութեան։ Եւրոպա մը հիմնուած չորս հիմնական արժէքներուն վրայ. Այսինքն «Անհատի կեդրոնականութիւնը, իր բոլոր չափանիշերով։ Ապա հասարակութիւնը` հուսկ  օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը»։ 

Վերազինումը վտանգ է

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը մտահոգութիւն արտայայտելով վերազինման երեւոյթին դիմաց, հաստատեց թէ «Սուրբ Աթոռը դէմ է այդ վերազինումին» ու թէ զէնքերը միջոց չեն աշխարհի մէջ հաստատելու ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն այլ վտանգ են խաղաղութեան եւ աւելի սուր հակամարտութիւններ կը ստեղծեն։ 

Խօսելով ապա Քահանայապետի դէպի Ռուսաստան կատարելիք հաւանական մէկ ճամբորդութեան Կարդինալ Փարոլինը նշեց թէ առ այժմ Ան հիմքեր չունի հաստատելու կամ ժխտելու ճամբորդութեան մը հաւանականութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2021, 08:00