Որոնել

Երեւանի  Սուրբ Աթոռի պապական նուիրակութեան նոր գրասենեակը Երեւանի Սուրբ Աթոռի պապական նուիրակութեան նոր գրասենեակը

Երեւանի մէջ կը գործէ Սուրբ Աթոռի պապական նուիրակութեան նոր գրասենեակը:

Գրասենեակին պաշտօնական բացումը նախատեսուած հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«2021թ.-ի սեպտեմբերի 1-էն Երեւանի մէջ սկսած է գործել Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակութեան նոր գրասենեակը» լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակը` Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրը, որ կը նշէ նաեւ թէ «Գրասենեակը կը գտնուի Երևանի կենտրոնը՝ Հիւսիսային պողոտային վրայ, Օփերայի և բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնի և Հանրապետութեան հրապարակի միջև»:

Նշենք թէ վերոնշեալ լուրը կարելի է համարել պատմական, տրուած ըլլալով որ այս առաջին անգման է, որ Վատիկանի եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու հաստատումէն ետք, Վատիկանը կ՜ունենայ իր սեփական գրասենեակն ու կեդրոնը Հայաստանի մէջ, տրուած ըլլալով որ մինչեւ օրս Պապական Նուիրակի նստավայրը կը գտնուէր Թիֆլիս։

Ի լուր Պապական նուիրակութեան գրասենեակի բացման` Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանը շնորհաւորագիր մը յղեց իր գործակիցին, որուն մէջ մաղթեց «արգասաբեր աշխատանք»:

Իսկ Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի «Պապական նուիրակութիւնը առաւել բեղմնաւոր առաքելութիւն ունենայ՝ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, Աստծոյ կամօք և օրհնութեամբ»:

Յայտնենք թէ, ըստ Հայաստանի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, գրասենեակին պաշտօնական բացումը նախատեսուած հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2021, 08:14