Որոնել

«Ջուրը վաճառքի ապրանք չէ այլ մարդու հիմնարար իրաւունք է» «Ջուրը վաճառքի ապրանք չէ այլ մարդու հիմնարար իրաւունք է» 

Սուրբ Աթոռ. «Ջուրը վաճառքի ապրանք չէ այլ մարդու հիմնարար իրաւունք է»

«Ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը մարդկային հիմնարար ու տիեզերական իրաւունք է, որովհետեւ հիմնական է մարդկային գոյատեւման համար եւ որպէս այդ ան պայման է մարդկային միւս իրաւունքներու կիրառումին համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ջուրը ծախու ապրանք չէ, ան տիեզերական խորհրդանիշ է եւ կեանքի ու առողջութեան աղբիւր։ Հարկաւոր է առ այդ բոլորին ապահովել ըմպելի ջուրի եւ մաքրութեան ծառայութեան հասանելիութիւնը» Այս եղաւ ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի ժամանակաւոր յանձնակատար Գերապայծառ Ժոն Փութզըրի ելոյթը, 15 սեպտեմբերին կայացած Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի ջուրին եւ մաքրութեան ծառայութիւններուն միջգործունեայ երկխօսութեան հայող 48րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս։

Ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը Սուրբ Աթոռի առաջնահերթութիւն

«Ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը բոլորին հիմնական է խթանելու համար մարդ անհատի արժանապատուութիւնը եւ եղած է միշտ Սուրբ Աթոռին առաջնահերթութիւնը» հաստատեց Գրապայծառ Փութզըր մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը. «Ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը մարդկային հիմնարար ու տիեզերական իրաւունք է, որովհետեւ հիմնական է մարդկային գոյատեւման համար եւ որպէս այդ ան պայման է մարդկային միւս իրաւունքներու կիրառումին համար»։

Ընկերային ծանր պարտք  հանդէպ աղքատներուն

Մեր աշխարհը աւելցուց գերապայծառ Փութզըր ընկերային ծանր պարտք մը ունի հանդէպ աղքատներուն, որոնք ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը չունին որովհետեւ անոնց կը մերժուի իրենց անքակտելի արժանապատւութեանը համապատասխան կեանքի իրաւունքը» նշեց Վատիկանի դիւանագէտը ակնարկելով նաեւ այդ ուղղութեամբ կլիմայական փոփոխութիւններէն ու համաճարակէն յառաջացած վնասներուն ու շեշտը դնելով հրատապ հարցին վրայ «հասանելի դարձնելու ըմպելի ջուրը եւ մաքրութեան ծառայութիւնները» այս մէկը նկատելով «ծանր պատասխանատուութիւն մը, որ պէտք է բաժնեկցինք բոլորս, որպէսզի մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն իւրաքանչիւրը կարելիութիւնը ունենայ ապրելու արժանավայել կեանք մը»։

Ելոյթի աւարտին Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը մաղթանք յայտնեց որ «համագործակցուած ու գործնական ձեւով կարելի ըլլայ բոլոր մարդոց երաշխաւորել մաքուր ջուրի հասանելիութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2021, 13:35