Հայեցողական կեանք` աղօթք Հայեցողական կեանք` աղօթք 

Աղօթեցէք Սիւնհոդոսին համար. Կարդինալ Կրէքի կոչը վանական միաբանութիւններուն։

Սիւնհոդոսական նիստերու բացումը պիտի կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ 9 եւ 10 հոկտեմբերին, որուն մէկ շաբաթ ետք կը հետեւի աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ սիւնհոդոսական գործընթացքներու բացումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրեթէ մէկ ամիսէն սկիզբ առնող Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսի բացումի նախօրեակին Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը, 28 օգոստոս 2021 թուակիր նամակով մը, «ի խորոց սրտէ» կոչ ուղղած է աղօթքի մասնագէտ «հայեցողական ու վանական կեանքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն», աղօթելու յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք Սիւնհոդոսին մասնակցող միւս եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որպէսզի Սիւնհոդոսը ըլլայ նախ եւ առաջ եկեղեցական սիրոյ ուղեւորութիւն։

Ունկնդրութիւն, դարձ եւ հաղորդութեան

Նամակին մէջ Ծիրանաւորը կը գրէ որ Սիւնհոդոսական գործընթացքը յաջողութիւն կարող է արձանագրել միայն եթէ իսկական կերպով կը կատարուի ունկնդրութեան, դարձի եւ հաղորդութեան մէջ։ Երեք չափանիշեր` որոնք վանական կեանքի նուիրուած կրօնաւորները ընտրած են որպէս իրենց կեանքին կորիզը։

Սրբազան Քահանայապետը կը յիշեցնէ թէ «Սիւնհոդոսական եկեղեցին ունկնդրութեան Եկեղեցի է» ուստի շատ բաներ ունի սորվելու կրօնաւորական ու վանական կեանքէն, կը նշէ Կարդինալ Կրէքը իր նամակին մէջ, ակնարկելով նաեւ դարձի գալու յատկութեան ու հաստատելով որ Վանականները դարձի ու ապաշխարութեան մասնագէտներ են ու թէ Սիւնհոդոսականութիւնը, որ վանական կեանքի հիմնական տարրն է, կը մղէ «դուրս գալու մեր վստահութիւններէն մտնելու համար երկխօսութեան դժուար բայց անհրաժեշտ իրականութեան մէջ»։

Իսկ երրորդ չափանիշը որ հաղորդութիւնն է կը ներկայացնէ վանական կեանքի առօրեայի փորձառութիւնը։ Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարին համար ունկնդրութեան ու ապաշխարութեան նպատակը հաղորդութիւնն է, որ իսկական Սիւնհոդոսական մօտեցումի դէպքին` ճանաչումի եւ ստուգման վերջնական չափանիշն է։

Սիւնհոդոսի բացումը 9 հոկտեմբերին

Յայտնենք թէ սիւնհոդոսական նիստերու բացումը պիտի կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ 9 եւ 10 հոկտեմբերին, որուն մէկ շաբաթ ետք կը հետեւի աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ սիւնհոդոսական գործընթացքներու բացումը։

Արդարեւ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած վերոնշեալ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ, առաջին անգամուան համար, եզակի ձեւով ունենալով երեք հանգրուան` թեմական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային։ Ան սկիզբ կ՛առնէ 2021 հոկտեմբերին ու պիտի աւարտի 2023 հոկտեմբերին։

Սիւնհոդոսին բնաբանն է «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի նպաստ, հաղորդութիւն, մասնակցութիւն ե առաքելութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2021, 12:00