Աֆղան գաղթականներ Աֆղան գաղթականներ 

Աֆղանիստան. Սուրբ Աթոռին կոչը յարգելու մարդկային արժանապատուութիւնը։

Գերապայծառ Փութզէրի կոչ ուղղեց «մարդկային եղբայրութեան հոգիով» հիւրընկալելու գաղթականները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առցանց կատարուած Աֆղանիստանի նուիրուած G7ին ընթացքին քննարկումներու կեդրոնական նիւթերէն մին հանդիսացաւ Աֆղանիստանէն հեռանալու 31 օգոստոսի ժամկէտին յետաձգելը։ ԱՄՆի նախագահ Պայտըն անհրաժեշտ նկատեց յարգել այդ ժամկէտը զգուշացնելով ահաբեկչական գործողութիւններու մեծ վտանգէն մինչ Եւրոպական Միութեան համար աւելի հնարաւոր էր այդ ժամկէտը երկարաձգել։

G7ի առաջնորդները միասնական յայտարարութեան մը մէջ պահանջեցին որ երաշխաւորուին մարդկային իրաւունքները ու յատկապէս կիներուն ու փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները։ Այս կոչին միացաւ նաեւ Վատիկանը որ ՄԱԿի մօտ իր մնայուն դէտ` Գերապայծառ Փութզէրի միջոցաւ հրաւէր ուղղեց բոլոր կողմերուն ճանչնալու եւ թիկունք կանգնելու մարդկային իրաւունքներուն եւ իւրաքանչիւր անհատի հիմնական իրաւունքին, ինչպէս նաեւ միջազգային զօրակցական հոգիով երաշխաւոր կանգնելու մարդասիրական օգնութիւններուն ի նպաստ ի գործ դրուած ջանքերուն, որպէսզի, հաստատեց Ան, «մինչեւ օրս կատարուած յառաջդիմութիւնները, մասնաւորապէս հայող առողջապահական եւ կրթական ասպարէզին, կորուստի չի մատնուին»։

Գերապայծառ Փութզէրի կոչ ուղղեց նաեւ «մարդկային եղբայրութեան հոգիով» հիւրընկալելու գաղթականները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 11:58