Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք 

Կարդինալ Սանտրին հրաւիրեց աղօթելու Լիբանանին համար։

Քարոզին մէջ Ծիրանաւորը խրախուսեց նաեւ հաւատացեալները Քրիստոսի վրայ հիմնուած եղբայրութեան իսկական վկայութիւն մը տալու,
Ունկնդրէ Լուրը

Վատիկան Նիուզ

Քոնքորտիա-Փորտենոնէ թեմին այցելութեան ծիրէն ներս չորեքշաբթի 4 օգոստոս 2021ին Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Սուրբ Ստեփանոսի մասունքներու վերաբացայայտման առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին յատուկէն յիշեց նաեւ Մայրիներու երկիրը հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու Լիբանանին համար, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առաջին տարեդարձին առթիւ։

Քարոզին մէջ Ծիրանաւորը խրախուսեց նաեւ հաւատացեալները Քրիստոսի վրայ հիմնուած եղբայրութեան իսկական վկայութիւն մը տալու, միասին քալելու ու հոգ տանելու այն մարդոց ու կիներու ճակատագրին զոր Տէրը մեր ուղիներուն վրայ կը դնէ, ապա միշտ հայեացքը սեւեռել Աստուծոյ վրայ նման Սուրբ Ստեփանոսին ունենալով ձեռքեր` որոնք խմորուած ըլլան ներողութեամբ ու սիրով հանդէպ եղբայրներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2021, 08:57