Քորէացի Սուրբերը Քորէացի Սուրբերը 

Անտրէա Քիմ Թայէկոնը եւ Քորէացի մարտիրոսները` ժողովուրդի ինքնութեան ու հաւատքի վկաներ։

Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին պիտի մասնակցին քորէացի երեսուն քահանաներ ու վաթսուն կրօնաւորներ նախատեսուած է նաեւ Քորէաի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանին ներկայութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Շաբաթ 21 օգոստոս 2021ի յետմիջօրէին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Քորէայի կաթողիկէ առաջին քահանայի 200 ամեակի յոբելեանի առթիւ անցեալ յունիսին նշանակուած Կղերի Ժողովի Կառավարիչ Քորէացի Արքեպիսկոպոս` Լածծարօ Եուն կը գլխաւորէ սուրբ պատարագ, մասնակցութեամբ Քորէացի կղերական դասի պատկան քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու հռոմաբնակ քորէացի աշխարհական հաւատացեալներուն։

Քորէացի կաթողիկէ առաջին քահանան

Անտրէա Քիմ Թաէկոնը եղած է Քորէացի կաթողիկէ առաջին քահանան, որ իր այս պատկանելիութեան համար մարտիրոսացած է 1846 եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով` 1984ին արժանացած է խորաններու պատուոյն։

Քորէայի կառավարական գործակալի մը կողմէ իրեն ուղղուած «Կաթողիկէ՞ ես» հարցումին Հայր Անտրէան պատասխանած է «Այո կաթողիկէ եմ»։ Հաւատքի հակիրճ վկայութիւն մը, որ զայն առաջնորդած է բանտարկութեան ապա մահուան` մարտիրոսութեան, 1846 թուականին։

Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի նահատակներ

Հայր Անտրէա Քիմ Թայեկոնի այս խոստովանութեան ու հաւատքի վկայութեան միացած են հազարաւոր մարդիկ ու կիներ, որոնք իրենց կեանքը զոհած են Քրիստոսը չուրանալու համար, 18րդ ու 19րդ դարերու ընթացքին Քորէայի մէջ անոնց դէմ յարուցանուած հալածանքներուն համար։

200 տարիներ անցած են Սուրբ Անտրէա Քիմ Թայէկոնի ծնունդէն` որ պատահեցաւ 21 օգոստոս 1821։ Ան Քրիստոնէական սկզբունքներով ընտանիքի մը զաւակ էր, որուն հայրը իրենց բնակարանը վերածած էր «տնային եկեղեցւոյ», եւ ասոր համար իր կարգին կեանքով վճարած էր այդ ընտրանքը։

Մարտիրոս Սուրբը

Սուրբ Անտրէան իր կազմաւորումը կը ստանայ Մաքաօ-ի մէջ ապա իր գործունէութիւնը կը սկսի ճիշդ հալածանքներու ընթացքին, կը ձերբակալուի, չարչարանքի կ՜ենթարկուէ հուսկ կը գլխատուի, հազիւ 25 տարեկան, որովհետեւ չուզեց ուրանալ իր հաւատքը։ Անոր անունը միացած այլ հարիւրաւոր քորէացի հաւատացեալներուն 1984ին Վոյթիլա Քահանայապետին օրով արձանագրուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Սուրբերու մատեանին մէջ։

Սուրբ Պետրոսի մէջ պատարագ

Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին պիտի մասնակցին քորէացի երեսուն քահանաներ ու վաթսուն կրօնաւորներ նախատեսուած է նաեւ Քորէաի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանին ներկայութիւնը։

«Սուրբ Անտրէա Քիմ Թայէկոնին համար Սուրբ Պետրոսի մէջ պատարագ մատուցելը Աստուծոյ նախախնամութիւնն է» ըսած է այս առթիւ պատարագիչ եպիսկոպոսը` Գերապայծառ Լածծարօ Եունը ։

Պատեհ առիթ Քորէական Եկեղեցւոյ աճումին համար

Սուրբ Անտրէաի ծննդեան երկու հարիւր ամեակի յոբելեանի տօնախմբութիւններու բացումը կատարուեցաւ անցեալ 29 նոյեմբեր 2020ին ու անոնք պիտի աւարտին յառաջիկայ 27 նոյեմբեր 2021ին, հանդիսանալով «պատեհ առիթ Քորէական Եկեղեցւոյ աճումին» համար ինչպէս յայտնեց միշտ գերապայծառ Լածծարօ Եուն անցեալ տարուայ դեկտեմբերին, մինչ տակաւին առաջնորդն էր Տայեժոնի թեմին ու պատասխանատուն էր Սուրբ տարուան կազմակերպութեան։

Հաւատքը կարևորագոյն արժէք

«Մեր մարտիրոսներուն համար հաւատքը ամենակարևոր արժէքն է» յայտնած էր այդ առթիւ գերապայծառ Եունը նշելով, որ Քորէական ընկերութեան միայն տասնմէկ առ հարիւրը կաթողիկէ է մինչ կէսէն աւելին իրենք զիրենք կը նկատեն անկրօն։

«Հրաւէրն է առ այդ լրջօրէն խորհրդածելու մեր ինքնութեան մասին ու մեր հետեւողականութեան մասին` որպէս կաթողիկէ հաւատացեալներ» աւելցուցած էր գերապայծառ Լածծարօ Եունը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2021, 10:18