Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքան Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքան 

Օգոստոս 5-ին կը յիշատակուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը։

Հռոմէացիները Մաարիա Մաճճորէ տաճարը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար, ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 5 օգոստոսին կը  յիշատակուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 4 օգոստոս 2021-ի  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալները հրաւիրեց Սուրբ Կոյսին մասին խորհրդածելու անոր նուիրուած եւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ պահպանուած «Սալուս Փոփուի Ռոմանի» սրբապատկերին մէջ։

Քահանայապետին սրտին մօտիկ տաճարը

«Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Տիրամօր նուիրուած Քահանայապետական Պազիլիքան Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսուն տաճարն է ուր ան սովոր է երթալ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու վերջ, եւ զոր այցելեց նաեւ վերջերս Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վերահատական գործողութեան ենթարկուելէ ետք Վատիկան չի վերադարձած։

2020ի օգոստոսին եւս Սրբազան Պապը ուխտագնացութեամբ ժամանծ էր Պազիլիքա Սուրբ Կոյս Մարիամի սրտին  յանձնելու համար աշխարհի ցաւալի իրավիճակները, որոնց շարքին համաճարակին թիրախ երկիրներն ու ժողովուրդները ու նաեւ Լիբանանը որ այդ պահուն «խորապէս վիրաւոր էր»։

Աւանդութիւնը՝ ձիւնի հրաշքը

Աւանդութեան համաձայն  Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կը պարտինք  Լիպերիոս Քահանայապետին որ երազին մէջ տեսած էր Տիրամայրը որ անոր հրահանգած է  եկեղեցի մը կառուցել իրեն յայտնած վայրին վրայ։ Օգոստոսի 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն կը տեղայ եւ Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել տալէ ետք տարածքը  կառուեցլ կու տայ  Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար, ուր պահպանուած է ինչպէս նշեցինք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Ամէն տարի 5 օգոստոսին տօնը կը յիշատակուի հանդիսաւոր արարողութեամբ ու արուեստական յայտագիրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2021, 09:17