Կարդինալ Սոմալոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Կարդինալ Սոմալոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 

Կարդինալ Սոմալոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը. «Սիրեց եկեղեցին ու ծառայեց անոր անխոնջ նուիրումով»։

Անոր «երկար ու աշխատասէր գոյութիւնը» նշանաւորուեցաւ «Քահանայապետերու իրեն հանդէպ վստահութեամբ» որուն յանձնեցին կարեւոր ու բարդ պաշտօններ, զոր ան կատարեց «ծառայութեան հոգիով ՝ լիարժէք հաւատարմութեամբ Պապին և առատաձեռն նուիրումով ի բարօրութեան Սուրբ Եկեղեցու և ի սպաս հոգիների փրկութեան»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 13 օգոստոսի առաւօտեան, ժամը 11ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ անցեալ 10 օգոստոսին 94 տարեկանին մահկանացուն կանքած Սպանացի Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինէս Սոմալիյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, զոր գլխաւորեց Կարդինալական դասին աւագերէցը` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ։

Կեանք` նուիրուած Եկեղեցւոյ ծառայութեան

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալական ՌԷ յիշելով ննջեցեալ իր եղբայրակիցը նշեց թէ Ան իր կեանքը նուիրեց Քահանայապետին, Սուրբ աթոռին ու տիեզերական եկեղեցւոյ ծառայութեան ու թէ անոր «երկար ու աշխատասէր գոյութիւնը» նշանաւորուեցաւ «Քահանայապետերու իրեն հանդէպ վստահութեամբ» որուն յանձնեցին կարեւոր ու բարդ պաշտօններ, զոր ան կատարեց «ծառայութեան հոգիով ՝ լիարժէք հաւատարմութեամբ Պապին և առատաձեռն նուիրումով ի բարօրութեան Սուրբ Եկեղեցու և ի սպաս հոգիների փրկութեան»: 

Բարի, խաղասէր, հիւրընկալ  ու սրամիտ անձ մը

Կարդինալ Ռէ ակնարկեց ապա Ծիրանաւոր Սոմալոյի կեանքին ու կենսագրականին հաստատելով թէ Ան եղած է միշտ բարի, խաղասէր եւ հիւրընկալ անձ մը, որ ունէր սուր միտք հարցերը ընկալելու ու անոնց համար լուծում գտնելու համար եւ մեծ ունակութիւն մարդիկն ու իրադարձութիւնները գնահատելու համար։

Քեզի կը վստահիմ Յիսուս

«Ան շատ տուաւ Եկեղեցւոյ եւ համագործակցեցաւ եօթ քահանայապետերու հետ զոր սիրեց եւ որոնց հետ գործակցեցաւ միութեամբ» ըսաւ Կարդինալական դասին աւագերէցը յիշելով նաեւ թէ երբ վերջին ամիսներուն երբ ինք կ՛երթար զինք այցելելու հրապուրուած կը մնար անոր անդորրութեամբ։ Ան, ըսաւ կարդինալ Ռէ, մեր հանդիպումներու աւարտին կը փսփսար. «Քեզի կը վստահիմ Յիսուս, որովհետեւ դուն ամենակարող ես...որովհետեւ դուն զիս կը սիրես հակառակ ամէն բանի»։

Քահանայապետին այցելութիւնը

Կարդինալ Ռէ նշեց նաեւ թէ Կարդինալ Սոմալոյին առողջութիւնը վատթարացաւ վերջին երեք ամիսներուն ու թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոր այցելութիւն տուաւ մահուընէ մէկ շաբաթ առաջ։

Քրիստոսի նկատմամբ սիրոյ վկայութեան ժառանգութիւնը

«Կարդինալ Սոմալոյի մեզի թողած Քրիստոսի նկատմամբ սիրոյ վկայութիւնը եւ Եկեղեցական իմաստի արմատացած ըմբռնումը կը մնան պահպանուելիք ժառանգութիւն մը, որմէ կը ծնի յոյսը թէ Աստուած Երկնքի մէջ անոր պիտի շնորհէ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը որոնց արժանացաւ իր ուրախ եւ անխոնջ նուիրումով Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետի ծառայութեան» ըսաւ Կարդինալ Ռէ քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2021, 12:30