Ընտանիք՝ սիրոյ ուրախութիւն Ընտանիք՝ սիրոյ ուրախութիւն 

Վատիկան. Ծնունդ առաւ ընտանիքին նուիրուած Կաթողիկէ ընդհանրական պայմանագիրը

Ան պիտի ներգրաւէ հինգ ցամաքամասերու Կաթողիկէ համալսարանները ու հանրութեան պիտի ներկայացուի 2022-ին կայացած Ընտանիքներու Համաշխարհային հանդիպումի աւարտին։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գործունէութեան բաժնեկցուած օրակարգ մը՝ խթանելու համար ընտանիքը Եկեղեցւոյ ընկերային Վարդապետութեան լոյսին տակ։ Այս է նպատակը ընտանիքին նուիրուած Կաթողիկէ ընդհանրական պայմանագիրին, որ ծնունդ առաւ այս օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապին «Ընտանիք Սիրոյ ուրախութիւն» տարիին հռչակումին առիթով։

Պայմանագիրը առաջարկողներն են  Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի Վատիկանեան գերատեսչութիւնը եւ Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական ակադեմիան Ընտանիքի Ուսմունքի միջազգային կեդրոնի համագործակցութեամբ.

Ծրագիրին կորիզը պիտի կազմեն Կաթողիկէ համալսարանները ու ընտանիքին նուիրուած ուսումնասիրութեան ու գիտութեան կեդրոնները, որոնց գործունէութիւնը պիտի ներառէ ընտանիքի մարդաբանական ու մշակութային կարեւորութեան մասին տուեալներ հաւաքելը, յատուկէն անդրադառնալով ընտանեկան փոխյարաբերութիւններու մասին, ընտանիքի ընկերային արժէքին մասին ու ընտանիքին նուիրուած քաղաքականութեան մասին։

Ընտանիքին նուիրուած Կաթողիկէ ընդհանրական պայմանագիրին աշխատանքները պիտի ներկայացուին Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ, որ նախատեսուած է Յունիս 2022-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 10:23