Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէ Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէ 

Քահանայապետը Ֆրանսացի Քիմիայի Նոպէլեան մրցանակակիրը անուանեց Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ։

Սոյն անուանումով Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէն անդամ կը դառնայ աշխարհի գիտական ամենահին ակադեմիային որ հիմնուած է 1603 թուականին նպատակ ունենալով քաջալերել աշխարհի մէջ գիտական հետազօտութեան հայող զարգացումները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէն` Քիմիայի նոպէլի մրցանակակիրը Ֆրանչիսկոս Պապին անուանումով դարձաւ Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիայի անդամ»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը

Փրոֆ. Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէ հիմնադիրն ու տնօրէնուհին է Պերլինի «Max Planck Unit for the Science of Pathogens» հաստատութեան։ Ան ծնած է 11 դեկտեմբեր 1968ին ֆրանսայի Juvisy-sur-Orge քաղաքին մէջ։ Մասնագիտացած է կենսաբանութեան, մանրէաբանութեան, կենսաքիմիայի և գենեթիքայի բնագաւառներուն մէջ, Փարիզի Pierre et Marie Curie համալսարանէն ներս։

Սոյն անուանումով Էմմանուէլ Մարի Շարփընթիէն անդամ կը դառնայ աշխարհի գիտական ամենահին ակադեմիային, որ հիմնուած է 1603 թուականին նպատակ ունենալով քաջալերել աշխարհի մէջ գիտական հետազօտութեան հայող զարգացումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 16:10