Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինը Քորէայի նուիրուած «Global Forum»ին. Չկայ խաղաղութիւն առանց ներումի եւ երկխօսութեան։

Վատիկանի Պետքարտուղարը երկար մէկ լսատեսողական պատգամով մը իր միջամտութիւնը բերաւ “Korea Global Forum for Peace” ձեռնարկին զոր կազմակերպուած է Քորէայի միացումին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ քննարկելու համար թերակղզիին մէջ խաղաղութեան ու անոր վերամիացման հարցը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մինչ արդարութիւնը կը պահանջէ որ չի խախտենք միւսներուն իրաւունքները ու իւրաքանչիւրին տանք այն ինչ որ անոր պէտք է, սէրը մեզի զգալ կու տայ թէ միւսներուն կարիքները մերն են ու կը խթանէ պտղաբեր համագործակցութիւնը։ Այլապէս պիտի շարունակենք կառուցել բացասական խաղաղութիւնը , պատերազմի պարզ բացակայութիւնը։ Մինչ խաղաղութիւնը պէտք է հասկցուի դրական իմաստով ինչպէս մեզ միացնող բաներուն խթանումը։ Մենք կարող ենք ըսել որ խաղաղութիւնը բարեկամութիւն է»։ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի “Korea Global Forum for Peace” ին ուղղած լսատեսողական պատգամէն քաղուած հատուած մըն է սա, որ կը կազմէ նաւ անոր այս առթիւ ներկայացուցած զեկոյցին առանցքը։

Երեք օր տեւող սոյն հաւաքը համաճարակին պատճառաւ տեղի կ՛ունենայ առցանց անոր կը մասնակցին 20 երկիներէ մասնագէտներ ու կառավարական ներկայացուցիչներ։ Հաւաքը սկիզբ առաւ այսօր` 31 օգոստոսին եւ պիտի աւարտի 2 սեպտեմբերին, որպէս բնաբան ունենալով «Միջ քորէական ու հասարակութեան փոխյարաբերութիւններուն նոր տեսլական. Խաղութեան, տնտեսութեան ու կեանքն ի նպաստ»։

Կարդինալ Փարոլինը զեկոյցը կեդրոնացուց յատկապէս Եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ, Քորէական Թերակղզիին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացքէն ներս, մեկնելով վերջին Քահանայապետերու ու Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան ուսուցումներէն։

Ան մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի «Populorum Progressio» յորդորագիրէն ուսուցումներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ու Վատիկնեան Տիեզերական Բ Ժողովի ու մասնաւորապէս «Gaudium et Spes» բնագիրէն հատուածներ. հաստատելով որ «խաղաղութիւնը պատերազմի բացակայութիւնէն աւելին է, ան չի կարող սահմանուիլ միայն պահպանելու հաւասարակշռութիւն մը երկու իրար հակառակ ուժերու միջեւ...ան կոչուած է «արդարութեան հետեւանքը»… վճռակամ կամքը յարգելու միւս անհատներու ու ժողովուրդներու արժանապատւութիւնը, սիրութեան հետ միասին. անհրաժեշտ միջոցներ են ձգտելու համար խաղաղութեան»։

«Խաղաղութիւնը ապա բարեկամութիւն ու բարութիւն է» հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղարը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի խօսքերը հայող «ներում» հասկացողութեան, ուր Ան ներումը կը համարէ բանալի բառ մը, բանալու համար ապագայի հեռանկարները ու միասին տեսնելու նոր արեւածագ մը, ուր միեւնոյն ընտանիքին զաւակները կարող են քալել միեւնոյն ճանապարհին վրայ։

«Չկայ խաղաղութիւն առանց ներումի» շեշտեց Կարդինալ Փարոլինը իր զեկոյցին մէջ ակնարկելով նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խաղաղութեան կառուցման գծով «ստեղծագործութեան» գաղափարին։

Լսատեսողական պատգամին աւարտին Կարդինալ Փարոլինը մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդապետութեան մեկնելով «Fratelli tutti» շրջաբերականէն ու ընկերային բարեկամութիւնը հաստատելու ու մշակելու անհրաժեշտութենէն։

«Մենք բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ ենք, ուղեկորոյս եւ դիւրաբեկ, սակայն մէկը միւսին կարիքը ունինք, որովհետեւ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին» ըսած էր 2020ի 27 մարտին դատարկ ու ամայի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած աղերսական աղօթքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Այս է նաեւ այսօրուան պատգամը` «մենք կարիքը ունինք մէկը միւսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 13:00