Ինքնակառավարուող զէնքեր Ինքնակառավարուող զէնքեր 

Սուրբ Աթոռին ձայնը ի դէմ ինքնաշխատ զէնքերու։

Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութիւնը յիշեցուց որ այս զէնքերը ոչ մի կերպով կը համապատասխանեն մարդկային ու խղճի սկզբունքներուն։.
Ունկնդրէ Լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ինքնաշխատ զէնքերու հարցին շուրջ քննարկումի սկիզբէն ի վեր Սուրբ Աթոռը միշտ ընդգծած է՝ թէ այս ասպարէզէն ներս արուեստագիտական ժամանակակից նորարարութիւնները ոչ միայն կը հակասեն մարդկային միջազգային իրաւունքին այլ բացասական ծանր հետեւանքներ ունին նաեւ աշխարհի կայունութեան եւ խաղաղութեան  համար։ Այս է հակիրճ կերպով Սուրբ Աթոռի Մակի Ժընեւի գրասենեակի մօտ առաքելութեան զեկոյցին կեդրոնական գաղափարը որ ներկայացուեցաւ  Կառավարական մասնագէտներու 2021-ի համաժողովին հայող մահացու ինքնաշխատ զէնքերու։

Սուրբ Աթոռի առաքելութիւնը դիտել տուաւ, որ միշտ աւելիով մասնագէտներ եւ որոշ ընկերութիւններ դէմ են այդ արհեստական բանականութեամբ գործող զէնքերու կիրառմանը ու թէ այս գիտակցութիւնը կը մղէ հանրային ընկալումի փոփոխութեան, որ կը հանդիսանայ շարժիչ ուժը մարդու միջազգային իրաւունքներու զարգացման։

Սուրբ Աթոռը շեշտեց թէ պէտք է յարգել մարդկային միջազգային իրաւունքը այս ծիրէն ներս դիտել տալով որ վերոնշեալ զէնքերու օգտագործումը հակառակ է մարդկային էութեան ի դէմս մարդկային բանականութեան, խղճի ու բարոյականութեան եւ հոգեւոր արժէքներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 10:00