Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը 

Ճեմելլի հիւանդանոցի հետ Քահանայապետերու պատմական հին կապերը։

Բժշկական բաժանմունքի բացման արարողութիւնը կը կատարուի 1961ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ճեմելլի հիւանդանոցի եւ քահանայապետերու միջեւ կապերը հաստատուած են ժամանակին ընթացքին Քարոլ Վոթիլա Պապին օրերէն սկսեալ։
Աշխարհահռչակ, առողջապահական մարզէն ներս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող Ակոսթինօ Ճեմելլի հիւանդանոցը ունին հին արմատներ։

Ունկնդրէ լուրը

1934 Թուականին, Պիոս ԺԱ Պապն է, որ Հռոմի Մոնթէ Մարիօ շրջանէն 37 էքդար հող կը նուիրէ, Հռոմի Սուրբ սիրտ կաթողիկէ համալսարանի բժշկական բաժանմունքը կառուցելու համար

Արդարեւ բժշկական բաժանմունքի բացման արարողութիւն կը կատարէ 1961ին, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը։ Երեք տարի ետք, բժշկական համալսարանը պաշտօնապէս կը սկսի ընդունիլ հիւանդները։Հիւանդանոց կ՝այցելեն Ըլլայ Պօղօոս Զ ըլլայ Պենետիկտոս ԺԶ պապերը։

17 յունիս 1976ին, Յիսուսի Սուրբ Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով, Մոնթինի քահանայապետաը սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ հիւանդանոցի փակին վրայ։

Քահանայապետ ընտրուելէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Պապը այցելեց Ճեմելիի հիւանդանոց ու բժշկական համալսարանական բաժանմունքը։ Այցելութիւններու շարքին յիշենք, բուժումի ենթարկուած Ճորճ Եղբօր տուած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ համասպրանի 2005-2006 համալսարանական տարեշրջանին բացման արարողութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ քահանայապետն է որ Ճեմելլի հիւանդանոց կը մտնէ վիրահատութեան համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2021, 11:38