Կարդինալ Զենարի Կարդինալ Զենարի 

Կարդինալ Զենարի. «Սուրիոյ մէջ պատերազմէն ետք պայթեցաւ աղքատութեան ռումբը»։

Դամասկոսի մօր Սուրբ Աթոռի պապական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի որ այս օրերուն կը գտնուի Հռոմի մէջ մասնակցելու համար «Roaco»-ի տարեկան ժողովին հարցազրոյց մը տալով Վատիկան Նիուզին կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան ի գործ դնելու բոլոր ջանքերը օգնելու համար Սուրիոյ բնակչութեան որ «խեղդուած է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2008էն վեր Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, որ այս օրերուն Հռոմի մէջ կը մասնակցի ՌՈԱՔՕ-ի տարեկան լիագումար նիստերուն, անցեալ երեքշաբթի օր մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Քահանայապետին մատուցած Սուրբ Պատարագին, ապա Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ ամփոփուեցաւ սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ Անոր յանձնելով մարտիրոս Սուրիոյ ճակատագիրը։

Կարդինալ Զենարին ՌՈԱՔՕ-ի անդամներուն ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը եւ բնակչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները մինչ Վատիկան Նիուզի հետ զրոյցի ընթացքին Ան իր խոր ցաւը յայտնեց ի տես այն դժուար պայմաններուն որուն մէջ կ՛ապրին Սուրիացիները ուր տասը տարուայ պատերազմի հետեւանքով տարածուած է աղքատութիւնն ու անօթութիւնը։

Քրիստոնեաներու թիւի նուազումը

Ծիրանաւորը ցաւ յայտնեց նաեւ քրիստոնեայ հասարակութեան թիւի խիստ նուազումին համար։

«Անոնք երկու հազար տարիներ ամբողջ ապրեցան այդ վայրերուն մէջ, իրենց սատարը տալով մշակոյթին, կրթութեան, առողջապահական ու նոյնիսկ քաղաքական մարզերուն, եւ այսօր անոնց կէսէն աւելին հեռացած է երկրէն» ըսաւ Կարդինալ Զենարի մատնանշելով որ պատերազմէն առաջ քրիստոնեաներուն թիւը գնահատուած էր մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազարի շուրջ, իսկ այսօր կը խօսուի միայն 500 հազարի մասին։

«Ասիկա Եկեղեցւոյ համար մեծ վէրք է ու վէրք է նաեւ երկրին համար, որովհետեւ գաղթականութեան դիմողներուն մեծ մասը որակաւոր երիտասարդներ են» ըսաւ Ծիրանաւորը աւելցնելով որ ինք յաճախ կը գործածէ յատուկ պատկեր մը քրիստոնեաներու մասին, զանոնք ներկայացնելով որպէս «պատուհան մը բացուած աշխարհին վրայ»։ Երբ տեսնեմ ընտանիքներ եւ երիտասարդներ որոնք կը հեռանան ինծի համար այդ պատուհանը կը գոցուի» յարեց Վատիկանի դիւանագէտը) որ ապա նշեց թէ պատերազմի աւարտէն ասդին ոչ մի լաւացում կայ ու թէ Երկրին մէջ պայթած է ահաւոր ռումբ մը, որ կը հարուածէ բնակչութեան 90 տոկոսը։ Անիկայ աղքատութեան ռումբն է, որ սուրիացիները կը մղէ ապրելու յետին աղքատութեան մէջ, որովհետեւ 10 տարուայ պատերազմէն ետք կայ միայն աւեր ու կործանում ու խաղաղութեան գործընթացը ընդհատուած է։

Պէտք է վերսկսիլ խաղաղութեան գործնըթացքը 

Կարդինալ Զենարի խօսելով ՌՈԱՔՕ-ի յատկացուցած օգնութիւններուն մասին զանոնք որակեց «կաթիլ մը անապատին մէջ» ոչ որովհետեւ ՌՈԱՔՕ-ն օգնութիւններ չի յատկացներ այլ որովհետեւ անոնք անբաւարար են։ «Սուրիոյ համար անհրաժեշտ է մեծ գետ մը» ըսաւ Կարդինալ Զենարի որ ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, որպէսզի դարձեալ գործի լուծուի եւ վերսկսի խաղաղութեան գործընթացքը հիմնուելով լայնածաւալ դիւանագիտութեան վրայ որ կողմերը մղէ յանգելու լուծումներու։

Անդրադառնալով ապա Լիբանանի համար աղօթքի յատուկ օրուան Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակը նշեց թէ լիբանանեան տագնապը ժխտական հետեւանքներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ վրայ յոյս յայտնելով որ այսօրուան հանդիպումը ըլլայ պտղաբեր համայն Միջին Արեւելքին համար ու մաղթելով որ Քահանայապետին պատրիարքներուն հետ հանդիպումի այս ձեւաչափը կրկնուի նաեւ ապագային Սուրիոյ համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 10:00