Սրբուհի Օտիլէի լեռը։ Սրբուհի Օտիլէի լեռը։ 

Կարդինալ Փարոլին. «հաւատքի աչքերով անտեսանելին կը տեսնենք։ Հաւատքը կը բանայ նոր հորիզոններ»։

Սրբուհի Օտիլէին մահուան 1300 րդ տարեդարձին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 3 յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ժամանեց Սթրասպուրկ, իբրեւ քահանայապետական ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու Ալսացիային պաշտպան սրբուհի, սրբուհի Օտիլէին մահուան 1300 րդ տարեդարձին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն։
Սուրբ Օտիլէին սրբավայրին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, որ այս լերան վրայ 90 տարի առաջ հիմնուեցաւ Սրբուհի Օտիլէին վանքը, ժամանակաշրջան մը բնորոշուած երկու համաշխարհային պատերազմներով, ու վանքի կրօնաւորուհիները աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար ինչպէս նաեւ քահանայական նոր կոչումներու դիտաւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Համաճարակի ժամանակաշրջանին, նոյն վանքէն աղօթք բարձրացան առ Աստուած համաճարակի աւատրին համար ըսաւ Կարդինալ Փարոլին քաջալերելով վանքի կրօնաւորուհիները շարունակելու աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար ։

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադարձաւ Սրբուհի Օտիլէին կեանքին, նշելով որ Սրբուհի երկու անգամ ծնած է։ Երկրորդ անգամ ծնած է Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի ժամանակ, որուն ընթացքին հրաշքով աչքերը լոյս ստացան։
Սրբուի Օտիլէն դարձաւ օրհնութեան եւ աւետարանումի միջոց բոլոր սերունդներու համար ըսաւ կարդինալ Փարոլին աւելցնելով որ հաւատքը կը տեսնէ անտեսանելին եւ կը բանայ նոր հորիզոններ, հոլովոյթներ, եւ կը սորվեցնէ նոր ապրելակերպեր։

Կարդինալ Փարոլին քաջալերեց հաւտալ Տիրոջ գործած հրաշքներուն, որոնք սիրտերը կ՝ամոքէ ու դարձի կը բերէ ու կոյրերու աչքերուն լոյս կու տայ, նոր կեանք կուտայ եւ Տէրը կը փափաքի որ Աստուծոյ որդին ճանչնանք եւ ստանանք փրկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 11:28