Վատիկանի մէջ դատաւարութեան նիստը Վատիկանի մէջ դատաւարութեան նիստը 

Լոնտոնի պալատին վերաբերող դատավարութիւնը. Եօթը ժամուայ լսումէ ետք կը վերսկսի 5 հոկտեմբերին։

Պետական Քարտուղարութեան միջոցներու օգտագործման համար կայացաւ դատավարութեան առաջին նիստը, որուն համար ամբաստանուած են 10 անձինք։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Երէկ` 27 յուլիս 2021-ին Վատիկանի Թանգարաններու սրահին մէջ սկիզբ առաւ Պետական Քարտուղարութեան միջոցներու օգտագործման համար, յատկապէս Լոնտոնի Պալատի վաճառքին հայող դատավարութեան առաջին նիստը, որուն համար ամբաստանուած են 10 անձինք։

Դատավարութեան այս առաջին նիստը տեւեց գրեթէ եօթը ժամ, որուն ներկայ գտնուեցան փաստաբաններ, լրագրողներ, ոստիկաններ ու ամբաստանեալներէն միայն երկուքը` Գերապայծառ Մաուրօ Քարլինօ, եւ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն, որ այս հարցին համար Քահանայապետի կողմէ զարկուեցաւ Կարդինալական իրաւասութիւններէն։

Նիստի աւարտին Կարդինալ Պեչչու անգամ մը եւս ուզեց հաստատել թէ ինք «հնազանդ է Քահանայապետին» ու թէ «վստահութիւն ունի դատաւորներուն վրայ, որոնք լաւապէս պիտի կարողանան քննարկել հարցերը ու պիտի ճանչնան իմ անմեղութիւնս» ըսաւ Ան։

Գրեթէ եօթը ժամ տեւած դատավարութեան աւարտին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ամբաստանուածներու փաստաբանները Դատարանի Նախագահը Տիար Ճուզեփփէ Փինիաթոնէ որոշեց յաջորդ նիստը գումարել յառաջիկայ 5 հոկտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2021, 09:31