Ընտանեկան սիրոյ նուիրուա Ընտանիքներու Համաշխարհային հանդիպումին պաշտօնական պատկերը Ընտանեկան սիրոյ նուիրուա Ընտանիքներու Համաշխարհային հանդիպումին պաշտօնական պատկերը 

Ընտանիքներու Համաշխարհային հանդիպում. Ընտանեկան սիրոյ նուիրուած Պաշտօնական պատկերի ներկայացում։

Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպման բնաբան է, ինչպէս նշեցինք ,«Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընտանիքներու համաշխարհային 10րդ հաւաքը որպէս կեդրոն պիտի ունենայ Հռոմ քաղաքը սակայն պիտի կատարուի համայն աշխարհի մէջ ուր տեղական թեմերը 2022-ի 22-26 Յունիսին կը դառնան հաւաքին ու հանիպումներու յատուկ վայրեր։ Այս մէկը յայտարարած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը Յուլիս ամսուայ սկիզբը հրապարակած լսատեսողական պատգամով մը, որուն մէջ Ան թեմական հասարակութիւնները խրախուսած էր կազմակերպելու ձեռնարկներ, որոնք ներշնչուած ըլլան Հաւաքի նիւթէն «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ ճանապարհ սրբութեան»։

Քահանայապետին հրաւէրը

«Ձեզմէ կը խնդրեմ ըլլալ աշխուժ, գործունեայ եւ ստեղծագործ, ընտանիքներուն հետ կազմակերպուելու համար, Հռոմի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու հետ ներդաշնակութեամբ։ Ասիկա թանկարժէք առիթ մըն է խանդավառութեամբ նուիրուելու ընտանիքի հովուական խնամակալութեան` պսակեալներ, ընտանիքներ ու Հովիւներ միասնաբար» ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը

Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ

Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպման բնաբան է, ինչպէս նշեցինք «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»։ Հաւաքին կազմակերպութիւնը կը հոգայ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան գերատեսչութիւնը եւ Հռոմի թեմը։

Յիսուս իր արիւնը կը հեղէ Եկեղեցւոյ համար

Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպման առթիւ հրապարակուեցաւ Հանդիպումի պաշտօնական պատկերը որ գործն է Հայր Մարքօ Իվան Ռուփնիքին։ Ան կը ներկայացնէ մարդու ու կնոջ միջեւ խորհրդական սէրը որ արտացոլումն է Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ միջեւ սիրոյն եւ անխախտելի միասնութեան։ Յիսուս արդարեւ իր արիւնը կը հեղէ Եկեղեցւոյ համար։ Այս է ահա ընտանիքներուն տասներորդ հաւաքի պաշտօնական պատկերին իմաստը։

Պատկերը կը հանդիսանայ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ ներկայացուած երրորդ խորհրդանիշը` նշանաբանի ու աղօթքի ներկայացումներէն ետք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 10:30