Ապու Տապիի հանդիպումը Ապու Տապիի հանդիպումը 

Սուրբ Աթոռի եւ Միացեալ Արաբական թագաւորութիւններու միջեւ միասնական համաձայնագիր կրթական ոլորտէն ներս

Սուրբ Աթոռին կողմէ համաձայնագիրը ստորագրեց Կարդինալ Ճուզէփ Վերսալտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 5 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի կաթողիկէ կրթութեան ժողովի Եւ Արաբական միացեալ թագաւորութիւններուն կրթութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ միասնական համաձայնագիր մը կրթութեան ոլորտէն ներս։
Սուրբ Աթոռին կողմէ համաձայնագիրը ստորագրեց Կարդինալ Ճուզէփ Վերսալտին, մինչ՝ արաբական միացեալ թագաւորութիւններուն կողմէ կրթութեան նախարար տիար Հուսայէն Պին Իպրահիմ Ալ Համատին։Ստորագրուած փաստաթուղթը կը կրէ կրթական մարզէն ներս աւելի եղբայրական համագործակցութեան խոստում մը։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ Փաստաթուղթին ստորագրութեան ծիրէն ներս կարդինալ Ճուզէփի Վերսալտին իր արտասանած խօսքի սկիզբը յիշեց անցեալ 4 փետրուար 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Ալ Թայէպ աւագ Իմամին միջեւ ստորագրուած աշխարհի խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան ի շահ մարդկային եղբայրութեան միասնական փաստաթուղթը նկատելով զայն մարգարէական փաստաթուղթ ,որուն մէջ Քովիտ 19 համաճարակէն մէկ տարի առաջ, երկու ստորագրեալները ընդգծեցին համագործակցութեան նոր ուղիներ բանալու շտապութիւնը՝ նպատակաուղղուած մարդկային եղբայրութեան կապերը ամրապնդելու։ Այդ հրաւէրը արդեն շատ մը պտուղներ արտադրեց եւ կը շարունակէ ծնիլ շօշափելի գործունէութիւններ։
Ըսաւ Սուրբ Աթոռի կրթութեան ժողովի կառավարիչը, շեշտելով որ Եթէ աշխարհը կ՝ուզենք փոխել պէտք ենք կրթութիւնը փոխել եւ սա անհրաժեշտ է միասին կատարել։

Կարդինալ Ճուզէփի. Նշեց որ Համագործակցութեան փաստաթուղթը ոչ միանայ համաձայնագիր մըն է այլ փոխ ըմբռնում է ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համաճարակի տագնապի օրերուն, Շէյխ Մուհամէտին ՊԻն Զայէտին, որուն հովանաւորութեան տակ տեղի ունեցան մարդասիրական օգնութիւններու համար՝նկատել տալով որ այդ մարդասիրական նախաձեռնութիւնները յատկանշուած են համագործակցութեան եւ տիեզերական միեւնոյն հոգիով որ ներշնչեց մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 09:54